«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ կարեւոր է, որ 7 միլիոն Սփիւռք ունեցող պետութիւնը ունենայ Սփիւռքի հարցերով զբաղող առանձին գերատեսչութիւն:
Ըստ անոր՝ հայաստանակեդրոն Սփիւռք ունենալու, Սփիւռքի մասնագիտական ներուժը օգտագործելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռքի հարցերով զբաղող հիմնարկային կառոյց ունենալ:
«Այսօրուան իշխանութիւններուն օրակարգին վրայ կայ հայրենադարձութիւն սկսելու դրոյթ, որուն հետ ես միանշանակ համաձայն եմ: Սակայն հայրենադարձութիւն ըսելով՝ պէտք չէ մէկ անգամէն հասկնալ զանգուածային հոսք դէպի Հայաստան, այս պայմաններուն մէջ ատիկա կարելի չէ:
Հայրենադարձութիւնը պէտք է ըլլայ բազմաճիւղ: Օրինակ՝ Միջին Արեւելքի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ գտնուող երկիրներուն վիճակը երբ աւելի թեժանայ, դարձեալ դէպի Հայաստան հոսք պիտի սկսի եւ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի հարցերով զբաղող առանձին գերատեսչութիւն, որ կ՛ուղղորդէ այդ ներգաղթը: Բացի այս, այդ կառոյցը նաեւ պէտք է զբաղի Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբումով, տարբեր ծրագիրներու մէջ այդ մասնագէտները ներգրաւելով, Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարել փափաքողները ուղղորդելով», յայտնեց Գանտահարեան:
Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ մէջ Քէօլնի հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութեան, որ սփիւռքի նախարարութեան փոխարէն Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է համակարգէ վարչապետի աշխատակազմը եւ հաւանաբար նշանակուի յատուկ դեսպան, որ պիտի ըլլայ կառավարութեան ներկայացուցիչը Սփիւռքի մէջ՝ Շ. Գանտահարեան շեշտեց. «Կարեւորը աշխատանքի արդիւնքն է, բայց, նկատի ունենալով Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներուն ծաւալը եւ բնոյթը, աւելի նպատակայարմար է առանձին գերատեսչութեան գոյութիւնը: Կը հասկնամ վարչապետին մտահոգութիւնը, որ շատ աշխատանքներ կը կատարուին այլ նախարարութիւններու կողմէ, սակայն կան ոլորտներ, զորս կրնայ համակարգել միայն Սփիւռքի հարցերով զբաղող գերատեսչութիւնը»:
Ըստ Գանտահարեանի՝ սփիւռքի նախարարութեան լուծարման եւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները համակարգող մարմին ստեղծելու քննարկումներուն պէտք է մասնակցին նաեւ Սփիւռքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայ մասնագէտներ։ «Որոշումը ընդունողը, բնականաբար, Երեւանն է, սակայն Սփիւռքի մասնակցութիւնը եւ խորհուրդները այս քննարկումներուն շատ կարեւոր են», յայտնեց Շահան Գանտահարեան:
I am glad that representing 7 million Armenians in Armenia is taking shape and importance . Virtually will be 11 million country but
effectively working as One for our Supreme National Interests and Welfare . Thank you Shahan.