ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտութեան հիմնարկին եւ համալսարանի շարք մը այլ բաժանմունքներու նախաձեռնութեամբ, 5 Փետրուարին համալսարան այցելեց «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր (2017) բժիշկ Թամ Քաթենա։
Տոքթ. Քաթենա կաթոլիկ աւետարանիչ մըն է, որ հարաւային Սուտանի Նուպա լեռներուն մէջ անձնուրաց իր աշխատանքին համար արժանացած էր նշեալ մրցանակին։ Նշենք, որ ան վերջերս նշանակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զօհերու յիշատակին եւ անոնց օժանդակած մարդասէրներու երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով հաստատուած «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ:
Համալսարանին տարբեր բաժանմունքներու գործունէութեան ծանօթանալու կողքին, տոքթ. Քաթենա մասնակցեցաւ բարեսիրական գործունէութեանց նուիրուած շարք մը խորհրդակցութիւններու, նոյն ժամանակ զրոյցներ ունենալով ուսանողներու հետ։
Ան նաեւ Սարին Հապէշեանի հետ ունեցաւ իր մարդասիրական գործունէութեան մասին ծաւալուն հարցազրոյց մը, զոր կարելի է դիտել՝ «Սիվիլնեթ»ի՝ www.civilnet.am/news/2018/12/12/Aurora-Prize-Laureate-Tom-Catena-Discusses-Humanitarian-Work/350432 կայքէջէն։
Հարցազրոյցը տես էջ 3ի վրայ: