ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարին 14րդ տարեշրջանի չորրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Փետրուարին, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
«Այլակերպութիւն» խորագրուած այս համերգին ընթացքին պիտի ներկայացուին Արվօ Փարթէն, Արնոլտ Շէօնպըրկէն եւ Տերիըս Միլհոտէն ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ Վաչէ Շարաֆեանի կողմէ յատուկ այս համերգաշարին համար յօրինուած կտոր մը՝ քլարինեթի հնգեակի համար։
Համերգին գլխաւոր կատարողներն են՝ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Լիամ Պրոլի (ջութ), Ռապըրթ Պրոֆի (ջութ), Ռապըրթ տիՄէյն (թաւջութակ), Արմէն Քսաչիքեան (թաւջութակ), Միշէլ Զուքովսքի (քլարինեթ) եւ Պերնարտին Պլահա (դաշնամուր)։
Համերգին տոմսերուն սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: