ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռազմինֆօ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Ուրբաթ, 8 Փետրուարին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկույի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ռազմական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց Դաւիթ Տօնոյեանը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ ընդգծեց, որ Հայաստան Ռուսիոյ յուսալի դաշնակիցը եւ կարեւոր գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Ցանկանում եմ երախտագիտութիւն յայտնել Սիրիայում ցուցաբերուած հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) օգնութեան համար: Դուք առաջինը արձագանգեցիք մեր կոչին՝ աջակցել Սիրիայում խաղաղ բնակչութեանը», Տօնոյեանին ըսաւ զօրավար Շոյկու:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսական կողմին Սուրիոյ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան հարցին գծով համագործակցութեան համար:
«Կարեւոր է մեր աջակցութիւնը սիրիացի ժողովրդին, որի մի մասն է Հայկական Սփիւռքը», ըսաւ Տօնոյեան:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկեցին ռազմական համագործակցութեան հարցեր, որոնց շարքին՝ Հայաստանի զինուած ուժերու կանխարգելիչ գերակայութիւնը ապահովող նորագոյն եւ ճշգրիտ զինատեսակներով համալրելուն վերաբերեալ հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ մարտական պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած համատեղ ծրագիրներ:
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրը, նախարար Տօնոյեան հանդիպած էր նաեւ Ռուսիոյ ռազմական արհեստագիտութեանց համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկաեւի հետ:
Նախարար Տօնոյեան հայ-ռուսական ռազմական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան օրակարգը քննարկեց նաեւ Ռուսիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանտուրովի հետ:
Նախարար Մանտուրով գոհունակութիւն յայտնեց համատեղ ծրագիրներու իրականացման բարձր մակարդակին եւ երկկողմ համագործակցութեան համար: Դաւիթ Տօնոյեան շեշտեց, որ պէտք է աւելի խորացնել ձեռքբերումները: