«ԱՍՊԱՐԷԶ»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նորընտիր ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր» լրատուական կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ յստակացուցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիրքորոշումը իշխանութեանց եւ կառավարութեան հանդէպ: Ան ընդգծած է, որ արտախորհրդարանական դաշտի վրայ Դաշնակցութիւնը աժան քարոզչութեամբ պիտի չզբաղի, իսկ ժողովուրդի եւ պետութեան շահէն մեկնելով՝ պատրաստ է, իր գաղափարներէն եւ սկզբունքներէն չկտրուելով, համագործակցիլ կառավարութեան հետ:
«Ի՞նչ դիրք է բռնելու Դաշնակցութիւնը, ինչպէ՞ս է, արտախորհրդանական ուժ լինելով, պատկերացնում համագործակցութիւնը կառավարութեան հետ, ո՞ր ուղղութիւններով, յատկապէս ե՞րբ է հնարաւոր յանձնաժողովների ստեղծումը՝ արտախորհրդարանական ուժերի ներգրաւմամբ» հարցումին, ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչը պատասխանած է.
«Այն ոլորտներում եւ դէպքերում, երբ ժողովրդի եւ պետութեան շահը կը պահանջի համագործակցութիւն, եւ դա համահունչ կը լինի մեր ծրագրերին ու գաղափարներին, մենք պատրաստ ենք ե՛ւ ընդդիմութեան բլոկի հետ համագործակցութեան, ե՛ւ իշխանութեան: Այսինքն՝ եթէ կայ պետութեան շահերը պաշտպանելու խնդիր, արտաքին ճակատում իշխանութիւններին նեցուկ լինելու խնդիր, մենք նեցուկ ենք առաջին հերթին պետութեանը, հետեւաբար՝ ամբողջութեամբ բաց ենք եւ պատրաստակամ համագործակցել այդ հարցերում. օրինակ, մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատանը ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախմբին աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Եվրանեսթ»ի պատուիրակութեան անդամների հետ: Այսինքն՝ նման հարցերում մենք լիարժէքօրէն պատրաստակամ ենք, քանի որ նման համագործակցութեամբ պաշտպանում ենք մեր պետութիւնը: Բաց ենք համագործակցութեան համար այնտեղ, որտեղ կայ պետութեան շահերի պաշտպանութեան կարիքը»:
Իսկ կառավարութեան կողմէ ցան-կութիւն կա՞յ ՀՅԴի հետ համագործակցելու, ի՞նչ տրամադրուածութիւն կայ ՀՅԴի նկատմամբ: Այս հարցումին Սաղաթելեան պատասխանած է.
«Եթէ, համագործակցել ասելով, հասկանում ենք, որ վաղը պիտի դարձեալ կառավարութեան մաս կազմենք, բացառւում է: Մենք յայտարարել ենք դեռեւս ընտրութիւններից առաջ, որ մաս չենք կազմի որեւէ կառավարութեան, որտեղ չենք ունենայ կառավարութեան ձեւաւորման մէջ վճռական մասնակցութիւն՝ անկախ առաջարկից: Իսկ շատ ոլորտներում պատրաստ ենք համագործակցել, որովհետեւ դա նշանակում է՝ պետութեան հետ ես համագործակցում, իշխանութիւնը կը գայ ու կը գնայ, բայց պետութիւնը կը մնայ: Դա նոյնն է, որ վաղը, Աստուած չանի, պատերազմ լինի, ասենք՝ ով իշխանութիւն է, թող նա գնայ, պաշտպանի, մենք ընդդիմութիւն ենք: Եթէ երկիրդ արտաքին դաշտում խնդիր ունի, ինչպէ՞ս կարող ես պետութեան կողքին չլինել: Անգամ այն ժամանակ, երբ Դաշնակցութեանն արտաքսում էին, կասեցնում էին գործունէութիւնը, մենք պետութեան դէմ քայլեր չէինք անում եւ յայտարարում էինք, որ պատրաստ ենք համագործակցել՝ յանուն պետութեան»:
Շատ լաւ մօտեցում է, հայրենասիրութեան ՄԱԿԱՐԴԱԿ կայ աս խօսքերուն մէջը, բայց եկէք տեսէք, որ հիմակուայ կառավարութիւնը ասանկ բաներէ չի հասկնար, հիմա մօտան ասոր անոր հալածել է եւ ժողովուրդին պարապ բաներով սպաղեցնել է, դեռ վաղը կելլէ կըսէ, որ դաշնակցութիւնը ետեւնէս կը վազէ կոր: Մինչեւ որ ասանկ լաւ մօտեցումներէ հասկնան կառավարութեան վրայ եղողները, Հայաստանը եւ մեր ժողովուրդը շատ պիտի վնասէ. դաշնակցութիւնը եւ իրեն պէս ուրիշներ ինչպէ՞ս պիտի կրնան ժողովուրդին աչքը բանալ, որ իրականութիւնը տեսնէ, ցոյցերու հէվասէն ետ կենայ եւ իրական գործակցութիւն ընելու դաշտը մտնայ