ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Տարիներու երազանքս իրականացնելով, 28 Դեկտեմբեր 2018ին փոխադրուեցայ հայրենիք: Շատեր զարմացած էին այս որոշումով եւ մանաւանդ զայն ձմրան ցուրտին իրականացուցած ըլլալովս: Ինծի համար ժամանակը կարեւոր չէր, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Նոր Տարին պիտի դիմաւորէի հայրենիքի մէջ, ձիւներու մէջ, սիրելի ընկեր-ընկերուհիներու հետ:
Ամբողջ կեանքս միութենական գործունէութեամբ զբաղելով, բնական էր դժուար պիտի ըլլար ձեռնածալ նստիլ, մանաւանդ հայրենիքի մէջ: Առանց մտածելու, ընդառաջելով ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին՝ միացայ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած Հայ Զինուորի Օգնութեան յանձնախումբին, որ կը միտի օգտակար հանդիսանալ հայրենի վիրաւոր զինուորներու հիւանդանոցներուն եւ անոնց առողջութիւնը վերականգնող գլխաւոր կեդրոնին: Ահա, կամաւոր աշխատանքի ասպարէզ մը, որ այնքա՜ն մօտիկ է սիրտիս:
Հետաքրքրական եւ նշանակալից եղաւ մասնակցութիւնս յանձնախումբի առաջին ժողովին, որուն մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Համեստ Պէօճէքեանն է, յանձնախումբին հետ մօտէն կը գործակցի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի վարիչ քարտուղար Ռուզան Սերոբեան, իսկ ինձմէ բացի յանձնախումբին մաս կը կազմեն ընկերուհիներ Անի Տէր Արթինեան, Լուսինէ Առաքելեան, Հերմինէ Շահոմեան, Նարինէ Գալստեան եւ Անահիտ Անանեան:
Ընկերուհի Պէօճէքեան, ծանօթացնելով զիս յանձնախումբի անդամներուն՝ բացատրեց. «ՀՕՄի Հայաստաի շրջանը 1992էն ի վեր գեղեցիկ սովորութիւնը ունեցած է ամէն Ուրբաթ, հայրենի ՀՕՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելելու Հայաստանի այն հիւանդանոցները, ուր կը բուժուին մեր վիրաւոր զինուորները: Նոյն սովորութիւնը կը շարունակուի նաեւ ներկայիս: Այս այցելութիւններուն նպատակը մօտէն ծանօթանալն է մեր հերոս զինուորներու իրավիճակին եւ փորձելու օգտակար հանդիսանալ անոնց ապաքինումը արագացնող բժշկական միջոցներուն»:
Ըստ ատենապետուհիին տուեալներուն՝ ակնարկուած այցելութիւնները նաեւ առիթ հանդիսացած են իմանալու հիւանդանոցներու կարիքներուն մասին եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու անոնց ապահովման գործին: Այս իմաստով, ընկերուհին ուշադրութեան յանձնեց ՀՕՄի համաշխարհային մեծ ընտանիքին եւ սփիւռքահայութեան ներդրումը:
2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, ՀՕՄի Հայաստանի շրջանը առանձինն 12 թոն ամէն տեսակի օգնութիւն հասցուցած էր հայոց բանակին, որուն անդամ քաջարի զինուորները կեանքի գնով պաշտպանեցին եւ կը շարունակեն պաշտպանել մեր հայրենիքը: Ճակատագրական քառօրեայ այդ պատերազմէն ետք, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՕՄի Հայ զինուորի Օգնութեան յանձնախումբին առընթեր կեանքի կոչած է ՀՕՄի Վերականգնողական կեդրոնի յանձնախումբը, որպէսզի աոաւել կեդրոնացումով հետեւի եւ օգտակար հանդիսանայ կեդրոնի բոլոր կարիքներուն ու հոն բուժուող զինուորներուն՝ կենցաղային, ընկերային, առողջական, բժշկական եւ այլ անհրաժեշտութիւններու մէջ:
Արդիւնաւէտ էր յանձնախումբի առաջին ժողովս: Որոշում տրուեցաւ Բանակի Օրուան առիթով Երեքշաբթի, 29 Յունուար 2019ի յետմիջօրէին, այցելել Երեւանի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը, իմանալու համար հոն բուժուող զինուորներուն իրավիճակը:
Անհամբերութեամբ սպասուող ժամը հասաւ, եւ յանձնախումբը ճշդուած ժամուն կատարեց իր որոշումը: Կեդրոնի անհրաժեշտ նկատուող նուէրներով այցելեցինք կեդրոնը, ուր ժպտադէմ դիմաւորեց մեզ կեդրոնի գլխաւոր հիւանդապահուհի Արփի Յովսէփեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ դարձեալ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄին՝ վիրաւոր զինուորներուն ցուցաբերած իր հոգատարութեան համար: «Ինչեր չի արել ՀՕՄը այս կեդրոնին: Շնորհակալ ենք», ըսաւ հիւանդապահուհին եւ ստանձնեց կեդրոնին անհրաժեշտ նուէրները:
Շրջեցանք կեդրոնը, զրուցեցինք հոն բուժուող զինուորներուն հետ եւ ականատես եղանք անոնց բուժման վարժութիւններուն: Ինծի հիացուց, առաջին հերթին, կեդրոնին բացառիկ մաքրութիւնը, արդիական լողաւազանը, զինուորներուն ֆիզիքական մարզումներու միջոցները եւ համապատսխան գործիքները, աղով բուժման սենեակը, մարզանքի սարքերը, ոտքերու ու ձեռքերու ուժեղացման գործիքները: Հետաքրքրական էին կեդրոնի հիւրընկալման սենեակի պատերը, որոնք ամբողջութեամբ յարդարուած էին կռուող քաջարի մեր զինուորներու նկարներով: Իսկ հոն գործող պաշտօնէութեան գլխաւոր բժիշկէն մինչեւ հաւաքարարը ժպտադէմ եւ հոգատարութեամբ ընդունեցին մեզ:
Ակնյայտ էր նաեւ կեդրոնի հովանաւորներու եւ բարերարներու պատը, որուն վրայ զետեղուած են այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներու անունները, որոնք, հաւատալով կեդրոնի կարեւորութեան՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են. անոնցմէ առաջիններէն եղած է Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
Այնտեղ յիշեցին, թէ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը այս կարեւոր կեդրոնին նուիրած է փոքր հանրակառք մը, հիւանդները անհրաժեշտ վայրերը փոխադրելու համար: Նոյն նպատակով նաեւ, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը՝ ինքնքշարժ մը: Մէկ խօսքով՝ գտնուեցանք արդիական միջոցներով ապահովուած կեդրոնի մը մէջ, որ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պատճառեց մեզի:
Իսկ հետաքրքրուելով կեդրոնի արդիւնաւէտութեան մասին, գլխաւոր բժիշկ Լուսինէ Պօղոսեան բացատրեց, թէ կեդրոնին մէջ կ՛ընդունուին ֆիզիքական բժշկուկութեան կարօտ վիրաւոր զինուորներ, որոնք սակայն միայն ֆիզիքական բուժում չեն ստանար, այլ նաեւ՝ հոգեկան եւ մտային: Անոնք նաեւ կը պատրաստուին հանրութեան հետ համահաւասար զգալու եւ իրենց բնականոն կեանքը ապրելու համար: Բժշկուհին իր գոհունակութիւը յայտնեց նաեւ, որ պատահած են դէպքեր, երբ զինուորը ամբողջութեամբ բուժուելէ ետք վերադարձած է բանակ եւ շարունակած իր ազգային պարտականութիւնը՝ իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ: Կեդրոնին մէջ բուժուած են նաեւ անյոյս վիրաւոր զինուորներ:
Յուզումով, նոյն ժամանակ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ եւ յուսադրուած հեռացանք մեր հայրենի հարազատ զաւակները բուժող կեդրոնէն:
Հայաստան կեցութեանս ամենայիշատակելի օրը ապրեցայ ես: Այսօր, այդ այցելութենէն առաւել քան մէկ շաբաթ անցած է եւ տակաւին չեմ կրնար չմտածել անոր մասին ու կեդրոնին մէջ գործող հերոս բժիշկներուն եւ հիւանդապահուհիներուն մասին:
Ահաւասիկ ազգանպաստ բժշկական կեդրոն մը, որ շնորհիւ իր հաւատաւոր բարերարներուն՝ կը փորձէ գոյատեւել եւ հրաշքներ գործել: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է զօրակցիլ բուժման աշխատանքներուն մեր անձնուրաց վիրաւոր զինուորներուն, որոնք մահուան գնով կուրծք կը ցցեն թշնամիին առաջ եւ անաղարտ կը պահեն հայրենի մեր հողը:
Երախտագիտութի՛ւն ՀՕՄի Հայաստանի շրջանին, որ երկար տարիներէ ի վեր շրջանային մակարդակի եւ անհատական միջոցներով օգտակար կը հանդիսանայ մեր զինուորներու Վերականգնողական այս կեդրոնին: