ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրք լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ Սթոքհոլմի Ազատութեան կեդրոնի հետաքննական կայքին վրայ տեղադրած է իր բացայայտումը՝ ըսելով. «Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գաղտնի աղբիւրներէ ստացուած հարիւրաւոր հեռաձայնային գաղտնի լսումներու ձայնագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի իսլամական կառավարութիւնը թոյլ տուած է, նոյնիսկ դիւրացուցած օտարերկրեայ եւ թուրք զինեալներու տեղաշարժը Թուրքիոյ սահմանէն դէպի Սուրիա՝ «Իսլամական պետութեան» (ISIS) ճիհատիսթներու հետ կողք-կողքի կռուելու համար»։
Պոզքուրթի բացայայտած այս գաղտնի փաստերը «ցոյց կու տան, որ ISIS-ի եւ թրքական ապահովութեան ծառայութեան պաշտօնեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ծածուկ համաձայնութիւնը թոյլ տուած է մաքսանենգներու՝ ազատօրէն գործելու թուրք-սուրիական 822 քիլոմեթրնոց անապահով սահմանի երկու կողմերուն վրայ՝ առանց Էրտողանի կառավարութեան կողմէ հետեւանքներու: Համաձայնագիրը նաեւ թոյլ տուած է ISIS-ի՝ մատակարարման գիծեր անցընելու սահմանի երկայնքով եւ վիրաւոր զինեալներու բուժման նպատակով զանոնք ետ տեղափոխելու Թուրքիա»:
ISIS-ի այս չարամիտ, մաքսանենգ գործողութեան ղեկին Իլհամի Պալին է, ծնունդով սէուտցի 36ամեայ թուրք մը, Ապու Պաքր ծածկանունով: Ան նպաստած եւ կազմակերպած է «մեծ թիւով օտարերկրեայ եւ տեղացի զինեալներու շարժումը թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքով…։ Պալի նաեւ ISIS-ի համար ապրանքներ փոխադրած է սահմանէն՝ կօշիկ-հագուստէն սկսեալ մինչեւ ձեռնաշղթաներ, անօդաչու թռչող սարքերու մասեր, հեռադիտակներ, վրաններ, լուսարձակներ եւ նոյնիսկ նաւակներ: Աւելի՛ն. գաղտնի լսումները ցոյց կու տան, որ թրքական կառավարութիւնը գիտէր անունները եւ գտնուած վայրերը 33 թուրք քաղաքացիներուն, որոնք խոստացած էին իբրեւ վարորդներ աշխատիլ ISIS-ի մաքսանենգութեան ցանցին մէջ», կը տեղեկացնէ Պոզքուրթ:
Թուրք դատախազներու պաշտօնական մեղադրանքներուն համաձայն՝ «Պալի կը մեղադրուի 2015ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մահաբեր երեք ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպած ըլլալու յանցանքով. գործողութիւններ, որոնք խլեցին 142 անձերու կեանքը: Մէկ տարի ետք, քրէական դատարանը Պալին ձերբակալելու մէկ հրահանգ եւս տուաւ. կասկած կայ, որ ան Անգարայի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական ահաբեկչութեան մէջ ունեցած է դերակատարութիւն. ոճիրը, որ տեղի ունեցաւ 10 Հոկտեմբեր 2015ին, ամէնէն մահաբերն էր Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Պայթումին հետեւանքով զոհուեցան 105 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ երկու անձնասպան ահաբեկիչներ. ISIS-ի զինեալներուն հարուածը ուղղուած էր հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ձախակողմեան ու քրտամէտ կուսակցութիւններու կողմնակիցներուն, որոնք խաղաղ ցոյց կ՛իրականացնէին քաղաքի երկաթուղային գլխաւոր կայարանին մօտ՝ 1 Նոյեմբեր 2015ի արտահերթ ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ», կը պատմէ Պոզքուրթ: Թէեւ թրքական իշխանութիւնները գիտէին Պալիի ճշգրիտ տեղը, եւ թրքական դատարանները զայն ձերբակալելու քանի մը հրահանգներ տուած էին, սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը թոյլ տուաւ, որ ան ազատօրէն տեղափոխուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ:
Հեռաձայնային գաղտնի լսումները նաեւ ցոյց տուին, որ ISIS «տաք» գիծ ունեցած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ահաբեկիչներուն միջեւ: Պալի վերահսկած է հեռաձայնային զրոյցները եւ կազմակերպած զինեալներու փոխադրումը Թուրքիայէն դէպի Սուրիա: Ձայնագրութիւններէն մէկուն մէջ, վրացի զինեալ մը՝ Լաշա Նատիրաշվիլի, ըսած է Պալիին, որ չորս ճիհատիսթներ կը սպասեն Կազիանթեպի առեւտուրի կեդրոնին մէջ, ուրկէ մինչեւ սուրիական սահման մէկ ժամուան ինքնաշարժի ճամբայ է: Պալի տեղեակ պահած է ճիհատիսթները նշանակուած հանդիպման վայրին մասին, ուրկէ պիտի առնէ զանոնք եւ օգնէ իրենց սահմանը անցնելու: Մէկ ուրիշ ձայնագրութեան մէջ, ռուս ճիհատիսթ Ալեքսանտր Պուշչուք ըսած է Պալիին, որ Կազիանթեպի մէջ 11 հոգի կը սպասեն, որպէսզի զիրենք վերցնեն:
Գաղտնի ձայնագրութեամբ նաեւ լսած են, թէ ինչպէ՛ս Պալի կը զեկուցէ ISIS-ին՝ ճիհատիսթներու թիւին մասին, որոնց օգնած է մաքսանենգութեան ճամբով Սուրիա մտնելու: «Ըստ հեռաձայնային զրոյցներու գաղտնի լսումներուն՝ միջին հաշուով՝ մէկ օրուան մէջ ISIS-ը մէկ անցակէտէ մաքսանենգութեամբ թուրք-սուրիական սահմանէն անցուցած է 50էն մինչեւ 100 զինեալներ, բան մը, որ ամէնէն համեստ հաշիւներով կը կազմէ տարեկան առաւել քան 15 հազար զինեալներ», կը գրէ Պոզքուրթ:
Ըստ Պալիի՝ Ճիհատիսթներուն տրամադրած մէկ այլ կարեւոր ծառայութիւնը անոնց բուժումն էր Անգարայի Տանիշմանլիք (M.I.S. Danismanlik) հիւանդանոցին մէջ: Պալիի եւ Տանիշմանլիքի սեփականատէր Սաւաս Տողրուի հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնի լսումէն պարզուած է, որ ISIS-ի 16 զինեալներու բուժման համար վճարուած է 62 հազար տոլար: Մէկ այլ խօսակցութեան ընթացքին Տողրու բողոքած է Սուրիայէն մաքսանենգութեան ճամբով տեղափոխուած ISIS-ի ահաբեկիչներու վիրահատութիւններուն համար չվճարուած 150 հազար տոլարի հաշիւներուն վերաբերեալ:
Գաղտնի լսումներով կը մեղադրուի նաեւ MIT-ը (Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կազմակերպութիւնը)՝ տեղական ոստիկանութենէն խուսափելու համար, ճիհատիսթներուն օգնելու յանցանքով: MIT-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան նախագահ Էրտողանի մտերիմ, վստահելի անձ է: 2014ին, MIT-ի պաշտօնեաները բռնուած էին սահմանին վրայ՝ զէնքերով բարձուած մաքսանենգուած բեռնատարներով, որոնք նախատեսուած էին Սուրիոյ ճիհատիսթներուն յանձնել: Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ արագ ազատ արձակեց MIT-ի պաշտօնեաները եւ դաւաճանութեան մէջ մեղադրեց մաքսանենգուած զէնքերը բացայայտած լրագրողը։
Պալիի եւ թուրք զինուորին խօսակցութեան ձայնագրութեան մէջ, Պալիի ըսած են, որ ան կը ստանայ այն, ինչը իրեն անհրաժեշտ է: Երկու կողմերը համաձայնած են, որ ISIS-ի եւ թրքական անվտանգութեան պաշտօնեաներու միջեւ որեւէ առճակատում չկայ:
Հետաքրքրական է, որ այդ օրերու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու հեռատեսիլով յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը չէր կրնար ձերբակալել անձնասպան ահաբեկիչները մինչեւ գործողութիւնը, հակառակ անոր, որ Թուրքիա նախապէս զգուշացուած էր եւ ունէր հաւանական անձնասպան ահաբեկիչներու անուններու ցանկը: Այս անձնասպանութիւններով ուղեկցուած պայթումները, փաստօրէն, բարձրացուցին Էրտողանի իշխող կուսակցութեան վարկանիշը Նոյեմբեր 2015ին տեղի ունենալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին…
Այնուհետեւ, Պոզքուրթ յայտարարած էր, որ լուրջ հարցեր կան «ISIS-ի, Ալ Քայիտայի եւ այլ զինուած ճիհատիսթական խումբերու դատական գործերուն վերաբերեալ, որոնք կը հետաքննուին, կը հետապնդուին եւ կը դատուին Թուրքիոյ մէջ: ISIS-ի գործով զարմանալիօրէն սակաւաթիւ մեղադրականները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս թրքական կառավարութիւնը չ՛ուզեր յաջողութեամբ վարել ISIS-ի դատական գործերը»:
Պոզքուրթ ճիշդ ձեւոց կը նշէ, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ ամէնէն խիստ միջոցները՝ անմեղ լրագրողները, իրաւապաշտպանները, դասախօսները, քաղաքական ընդդիմադիրները ձերբակալելու համար, սակայն շատ մեղմ կը վարուի իրական ահաբեկիչներուն հետ. «Այն փաստը, որ շատ դէպքերու մէջ ISIS-ի եւ Ալ Քայիտայի ձերբակալուած անդամները ազատ կ՛արձակեն պարզ ապտակով մը, կարելի է բացատրել միայն քաղաքական քողարկումով եւ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած պաշտպանութեամբ»:
Կը կարծեմ, որ եւրոպական երկիրները եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է խիստ միջոցներու ձեռնարկեն՝ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու աջակցութիւնը սահմանափակելու համար: Տարօրինակ է, որ Թուրքիա՝ իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ, կը զօրակցի ահաբեկիչներուն եւ կը զինէ զանոնք, հակառակ անոր, որ անոնք սպանութիւններ կ՛իրականացնեն ՆԱԹՕի անդամ շարք մը երկիրներու մէջ: Պետք չէ թոյլ տալ, որ այս իրականութիւնը շարունակուի: Նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը՝ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը այն պատճառաբանութեամբ, որ թրքական զինուած ուժերը կը շարունակեն ISIS-ի դէմ պայքարը, վտանգաւոր որոշում է, այն իմաստով, որ թոյլտուութիւն կու տայ Թուրքիոյ՝ հզօրացնելու ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ եւ այլուր։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ