31 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Փայլուն բժշիկ-2019» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Ռուսաստանի 15 լաւագոյն բժիշկները եւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները:
«Հայերն Այսօր»ը, յղում կատարելով bloggmagazine.me կայքէջին՝ կը յայտնէ, որ տարուան գլխաւոր՝ «Փայլուն բժշիկ-2019» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ յայտնի բժիշկը Վարդան Խաչատրեան: Հայազգի բժիշկ յաղթեց նաեւ երկու այլ անուանակարգերու մէջ «Տարուան վիրաբոյժը» եւ «Տարուան պլոկըրը»:
Բժիշկ Վարդան Խաչատրեան կազմողական վիրաբոյժ է (plastic surgery) եւ առաջատարներէն է գեղագիտական (aesthetic) բժշկութեան բնագաւառին մէջ: Անոր հեղինակային նոր մեթոտները ընդունուած են Եւրոպայի եւ Ամերիկայի առաջատար փորձագէտներու կողմէ: