ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը սպառնաց վեթոյի ենթարկել Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած Եմէնի պատերազմին մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեամբ դաշինքին ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը դադրեցնելու որեւէ որոշում:
Վարչակազմը աւելցուց, որ այդպիսի որոշումի մը որդեգրումը պիտի վնասէ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն եւ պիտի տկարացնէ բիրտ ծայրայեղականութեան տարածման դէմ պայքարելու անոնց կարողութիւնը:
Նշենք, որ հանրապետական եւ դեմոկրատական օրէնսդիրներ շուրջ երկու շաբաթ առաջ վերստին շրջանառութեան մէջ դրին պատերազմի լիազօրութեան վերաբերեալ որոշում մը՝ Եմէնի մէջ մարդասիրական աղէտին ու սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով Ռիատին յղելու համար ազդու պատգամ մը:
Ամերիկեան վարչակազմը, սակայն, կը պնդէ, որ այդ որոշումը անպատշաճ է, որովհետեւ ամերիկեան ուժերը սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին միայն օդանաւերու վառելանիւթ կը հայթայթեն, եւ ոչ թէ մարտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն:
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը 13 Փետրուարին 248 քուէներով (177՝ դէմ) վաւերացուց բանաձեւը, զայն Ծերակոյտին յղելով։