ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, 14 Փետրուարին, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած պետական ամավարկի բանաձեւին մէջ Թուրքիոյ ռազմական գնումներուն վրայ սահմանափակումներ դնող երկու կէտեր կան:
Առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն տրամադրուելիք զէնքերուն եւ կը շեշտուի, թէ մինչեւ այն ատեն, որ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Քոնկրեսին չէ զեկուցած, որ Մայիս 2017ին ամերիկացի ցուցարարները դաժան ծեծի ենթարկած անձերը պատժուած չեն, նշեալ արդիական զէնքերը պիտի չծախուին:
Երկրորդ կէտով կը կասեցուի Թուրքիոյ «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու մատակարարումը մինչեւ այն ատեն, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդունելի զեկոյց մը ներկայացնէ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային համակարգեր գնելու ազգային ապահովութեան հետեւանքներուն մասին:
Յունաամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեցին բանաձեւին այս կէտերուն վաւերացումը: