ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան՝ կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ տեղեկացուց, թէ այս տարի ԱՖՀԻԼը օժանդակութիւն կը տրամադրէ 185 հայ ուսանողներու՝ Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ստացող՝ նպատակ ունենալով անոնց կեանքի այս փուլին նեցուկ կանգ-նիլ եւ քաջալերող հանդիսանալ:
Ապա ան խօսեցաւ ընդհանրապէս ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութեան մասին՝ դիտել տալով, որ անիկա, շնորհիւ տարուած հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին, Լիբանանի ապահովագրական ընկերութիւններու ցանցին մէջ կը գրաւէ բարձր դիրք՝ իր ծառայութիւններու որակով, եւ ասոր լաւագոյն ապացոյցն է տարուէ տարի աճող անոր մօտ ապահովագրուողներուն թիւը:
Ապա խօսք առաւ ԱՖՀԻԼի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարուան ուսանողական, աշակերտական, բարեսիրական, առողջապահական եւ մշակութային կառոյցներու նպաստի տուչութեան հանդիպումը կը զուգադիպի ԱՖՀԻԼի հիմնադրութեան 20ամեակին:
«20 տարիներ առաջ գաղափարը ծնաւ ստեղծելու իրարօգնութեան սնտուկ մը, որուն նպատակն էր մեր գաղութի հիւանդանոցային կարիքներուն հասնիլ եւ միեւնոյն ժամանակ այս գործառնութենէն մնացած հասոյթը բարեսիրական ծրագիրներու յատկացնել:
Հայկ Թիլպեան՝ իբրեւ հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ներկայացուցիչ, Անդրանիկ Մսըրլեան՝ իբրեւ Համազգայինի մշակութային միութեան եւ Արաքսի Շահինեան՝ իբրեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի ներկայացուցիչներ, հիմը դրին այս հաստատութեան: Սկսանք 365 անդամներով եւ այսօր 7000 անդամ կը հաշուենք, հասոյթէն ստեղծեցինք չորս մարզական կեդրոններ, հիւանդանոցային տնային սարքերու սպասարկութեան դրութիւն, «Զգոյշ» նախազգուշական եւ առողջապահական պարբերաթերթ հրատարակեցինք, ուսանողական եւ աշակերտական ֆոնտեր հաստատեցինք, ինչպէս նաեւ անցնող քսան տարիներուն բոլոր միութիւններուն եւ ակումբներուն մեր օժանդակութիւնը անպակաս եղաւ», յայտնեց ան:
Յակոբ Լատոյեան տեղեկացուց, որ ԱՖՀԻԼի տարեկան գործառնութիւնը 8,000,000 տոլար է, ունի 90 պաշտօնեայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ան հաստատեց, որ կրթանպաստներու բաշխման հաւաքը չի կազմակերպուիր ցուցադրութեան, քարոզչութեան համար, ոչ ալ ձեւական նպատակ ունի:
Խօսքը ներկայ մեծաթիւ ուսանողներուն ուղղելով՝ Յ. Լատոյեան ըսաւ. «Բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիք ունինք ձեզի, ասիկա լոկ խօսք չէ: Գործնականապէս իւրաքանչիւրդ վաղը պիտի նետուիք ազատ ասպարէզ, ուրիշներ ազգային կեանքին մէջ մեր կրթական, բարեսիրական, կրօնական, մարզական, մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն: Մնացէք հաւատարիմ ձեր արմատներուն եւ գիտցէք, որ դպրոցական եւ համալսարանական տարիներուն միշտ ձեր կողքին եղած ենք, դուք ալ պարտաւոր էք ձեր ազգին կողքին մնալու»:
Ան յայտնեց, որ այս տարուան հասոյթը 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի է եւ անիկա պիտի բաժնուի 185 ուսանողներու եւ 200 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Զուարթնոց» կեդրոնին. «Ձեւով մը հիմնադիր երեք միութիւններու կառոյցներն են, որ կը գտնուին մեր գաղութին մէջ», նշեց Լատոյեան:
Աւարտին ան գնահատեց բոլորը, յատկապէս ծնողները, որոնք հաւատարիմ մնացին մեր ազգային սկզբունքներուն՝ յոյս յայտնելով, որ երիտասարդները կը դառնան վաղուան ղեկավարները եւ կը շարունակեն գործը:
Աւարտին իր գնահատանքի խօսքը արտասանեց եւ ուսանողներուն հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼի տարած կարեւոր գործունէութեան: Ան ըսաւ, որ կեանքին մէջ յաջողութեան հիմնական գաղտնիքներն են համալսարանական կրթութիւնը, մասնագիտացումը, հաւաքական կեանքին մասնակցութիւնը, քննադատութիւն ընկալելը եւ հաշուետուութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այսօր իւրաքանչիւրը այնքան տարուած է իր առօրեայ հեւքով, որ չ՛ուզեր ինքնիրեն հարց տալ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել բարելաւուելու եւ շրջապատը բարելաւելու համար: Շեշտը դնելով հաշուետուութեան կարեւորութեան վրայ՝ ան ըսաւ, թէ կեանքը պարզապէս վազք չէ, այլ անհրաժեշտ է կանգ առնել, հարցադրումներ ուղղել, մեր անձերէն հաշիւ պահանջել եւ անկեղծօրէն դէմ յանդիման կանգնիլ մեր կատարածներուն՝ զանոնք աւելի լաւին հասցնելու առաջադրանքով: Սրբազան հայրը նշեց, որ իւրաքանչիւր անձ նաեւ հաշուետու է Աստուծոյ, որովհետեւ Ան է Արարիչը եւ պահապանը ամէն ինչի՝ աւելցնելով, որ մարդ հաշուետուութիւն ունի տալիք նաեւ հաւաքականութեան, ընկերութեան, որուն յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման հիմքը իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնն է:
Խօսքը ուսանողներուն ուղղելով՝ սրբազան հայրը յայտնեց, թէ պէտք է մտածեն այն մասին, որ անոնք ինչպիսի մասնակցութիւն պիտի բերեն մեր հաւաքական կեանքին, երբ աւելի բարձր պաշտօններ վստահուի իրենց: Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ առաջնորդ մեծ կարեւորութիւն կու տայ երիտասարդներուն հետ սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութեան, այդ նպատակով ալ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի կը կազմակերպէ Ս. պատարագ՝ միասին աղօթելու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն կատարելու:
Իր պատգամը եզրափակելով՝ ան յաջողութիւն մաղթեց երիտասարդներուն՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք ո՛չ միայն ազգային, այլ նաեւ լիբանանեան կեանքին մէջ բարձր կը պահեն հայութեան անունը:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստները: