ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սոնա Արմէնեան 18 Յունուարին համաշխարհային նոր մրցանիշ մը հաստատեց, հանդիսանալով 70 տարիքը բոլորած առաջին կինը, որ կը նուաճէ Հարաւային Ամերիկայի բարձրագոյն լեռը՝ Աքոնքակուայի գագաթը, 16 ժամեայ տքնաջան եւ խիստ ցուրտ պայմաններու տակ իրականացած արշաւէ մը ետք։
22,841 ոտք բարձրութեամբ լեռը մէկն է «7 քոյրեր» անուանումին արժանացած խմբակին, որուն մաս կը կազմեն իւրաքանչիւր ցամաքամասի բարձրագոյն լեռները։
Սոնա Արմէնեան այսպիսով նուաճած է երեք «քոյրեր», Աքոնքակուան միացնելով արդէն իսկ իր ցանկին վրայ գտնուող Ափրիկէի բարձրագոյն գագաթին՝ Քիլիմանճարոյին եւ Եւրոպայի բարձրագոյնին՝ Էլպրուսին։ 2016ին ան նաեւ հանդիսացած էր Մեք-սիքայի բարձրագոյն լեռը՝ Օրիզապան (18,491 ոտք) նուաճած ամենատարեց կինը։
Յայտնենք, որ Սոնա Արմէնեան Հայ լեռնագնացներու միութեան (որ լուծարուեցաւ անցեալ ամառ) հիմնադիրներէն էր եւ աւելի ուշ՝ «Հայկական լեռնագնացութիւն եւ աւելին» կազմակերպութեան: Շարք մը այլ լեռներու կողքին, ան իր ամուսնոյն՝ Յարութին հետ նուաճած է նաեւ Արարատի գագաթը, իսկ ամոլին զաւակը՝ Սարօն, իրենց ընկերացած էր Քիլիմանճարօն նուաճելու առաքելութեան ընթացքին։ Ան լեռնագնացութեան սէրը փոխանցած է նաեւ իր թոռնիկներուն։ Արդարեւ, Սարին եւ Շանթ Արմէնեանները, երբ յաջորդաբար 9 եւ 12 տարեկան էին, հանդիսացած էին Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն լեռներէն մէկը հանդիսացող Քալիֆորնիոյ Ուիթնի լերան գագաթը (14,505 ոտք) նուաճած առաջին հայ քոյր-եղբայր զոյգը։
Սոնա Արմէնեանի նորագոյն նուաճումին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ (117 S. Louise Street in Glendale, CA 91205), ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ արշաւէն լուսանկարներ։
Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան եւ «Հայկական լեռնագնացութիւն եւ աւելին» կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել, յաջորդաբար, www.facebook.com/groups/ArmenianHikingSociety եւ www.facebook.com/groups/armenianoutdoorsorganization կայքէջերը:
Մենք աշխարհին պէտք է ներկայանանք ոչ միայն ձեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդ, այլ տարբեր նուաճումներ յաղդահառած ազգ և բարձրուքներ նուաճող ժողովուրդ․Շատ ապրիք Արմէնիան ընտանիք․ Յաջողութիւ ձեր ապագաի ծըրագիրներուն․
Շնորհակալութիւն Արա։