ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 17 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան ընդհանուր, հաշուետու-ընտրական ժողովը, որ լսեց նախագահ Հենրիկ Անասեանի հաշուետուութիւնը եւ զայն գնահատեց բաւարար:
Ապա կատարուեցաւ եօթը անդամնոց վարչութեան թեկնածուներու առաջադրման գործընթացը։ Թեկնածուներու նախնական թուաքանակը 15 էր, իսկ գաղտնի քուէարկութեամբ միութեան նոր վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ գրողները՝ Գէորգ Քրիստինեան, Աիդա Պօղոսեան, Յակոբ Մկրտչեան, Վազգէն Աբովեան, Գարուշ Հարեանց, Արմէն Պօղոսեան եւ Էդիկ Ալավերդեան:
Նորընտիր վարչութիւնը որոշեց մէկ շաբաթ ետք՝ 25 Փետրուարին գումարել իր առաջին նիստը՝ ընտրելու համար նոր նախագահ, փոխնախագահ եւ միւս հինգ պարտականութիւնները ստանձնող պատասխանատուները:
(Թղթակցութիւնը՝ միութեան վարչութենէն)