ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 12 Փետրուարի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումին ներկայ եղան առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։
Հիմնարկի ներկայացուցիչները իրենց գործունէութեան 20ամեակի սեմին, տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքի մարզերուն ու հետագայի ծրագիրներուն մասին։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին, որ մշտապէս նեցուկ կանգնած է իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներու իրագործման։ Անոնք երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան առաջնորդին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է հիմնարկի աշխատանքներուն մասին գաղութիս մէջ տեղեկատուական աշխատանքներու տարածման, որ կը նպատակադրէ նուիրատուներու արձանագրումը, ինչպէս նաեւ իր եկեղեցանուէր ծառայութեանց համար։
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց կամաւոր ծառայողներու անմնացորդ նուիրումը, օրհնելով անոնց աշխատանքները, որոնք ի սպաս կը դրուին Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան, այս առիթով եւս պատրաստակամութիւն յայտնելով Ազգային առաջնորդարանի բոլոր հնարաւորութիւններով սատարելու հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման աշխատանքին:
Աւարտին, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց իւրաքանչիւրին եւ յաջողութիւն մաղթեց հայութեան համար այնքան կենսական համարուող իրենց օգտակար աշխատանքին։