ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 2 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7ին, բացումը տեղի պիտի ունենայ Միրանտա Մեհրանեանի մելանով ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ռոսլին» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 Մարտ եւ փակման օրը արուեստագէտին հետ հանրային զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ ցուցասրարահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
Մեհրանեան ծնած է Թեհրան, 1976ին եւ աշակերտած է յայտնի արուեստագէտներ Ալուշա Մինասեանին, Սմբատ Աբրահամեանին եւ Վահիտ Շէյխեանին։ 2014ին ան Հայաստանի գեղանկարիչներու միութեան հրաւէրով Երեւանի մէջ կատարած է իր ստեղծագործութեանց անհատական առաջին ցուցահանդէսը։
«Ռոսլին» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205: Անիկա բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 241-0611 թիւին կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին: