ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունուարի 2019ին՝ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն 9 ամիս անց, Հայաստանի մէջ ծնելիութիւնը աճ արձանագրած է:
Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ Յունուար 2018ին ծնած են 2909 երեխաներ, իսկ ընթացիկ տարուան Յունուարին՝ 2975, որ 2.26 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան ցուցանիշէն:
Նշենք, որ տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ ծնելիութիւնը նուազում կ՛արձանագրէր: Յունուար 2016էն Յունուար 2018 ծնելիութեան անկումը շարունակուած էր: Յունուար 2016ին ծնած էին 3225 երեխաներ, իսկ 2017ին այդ թիւը նուազած էր՝ հասնելով 3042ի: