ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 22 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին՝ զրոյցը կեդրոնացած էր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն վրայ:
Զրուցակիցները շեշտած են տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը: Նախագահները համակարծիք եղած են, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու գործողութեան ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն շահերը:
Քննարկուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական կապերը սերտացնելու ջանքերուն վերաբերող հարցեր՝ յոյժ կարեւոր համարելով երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 75 միլիառ տոլարի հասցնելու նախաձեռնութեան իրականացումը։
Աւելի ուշ, Սպիտակ տունը եւս նման յայտարարութիւն մը տարածեց զրոյցին վերաբերեալ, որ վերոյիշեալներուն կողքին նաեւ կը նշուի, թէ նախագահները որոշած են Սուրիոյ հիւսիսը ապահովական գօտի մը հաստատելու հաւանականութեան վերաբերեալ
քննարկումները շարունակել։
Նշենք, որ ներկայիս մօտաւորապէս 2000 ամերիկացի զինուորներ կան Սուրիոյ մէջ։
Երկու երկիրներու պաշտպանութեան փոխնախարարներուն եւ սպայակոյտի պետերուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ այս նպատակով։
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սարա Սենտըրզ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները որոշած են Սուրիոյ մէջ խաղաղապահ փոքրաթիւ ուժ մը պահել: Ըստ անոր՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերուն մեծ մասին հեռացումէն ետք, հոն մօտաւորապէս 200 ամերիկացի զինուորներ կրնան մնալ:
Սենտըրզի համաձայն՝ այս փոքրաթիւ խումբը Սուրիոյ մէջ պիտի մնայ միայն «որոշ ժամանակ» եւ կրնայ մասնակցիլ երկրին մէջ ապահովական գօտի մը հաստատելու աշխատանքներուն: