– Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրած է չարտօնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ունեցող Հուտա Մութանային Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ, որովհետետւ ան «Իսլամական պետութեան» անդամակցած է։ Յատկանշական է, որ Թրամփ կոչ ըրած էր եւրոպական երկիրներուն, որ ստանձնեն Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած իրենց այն քաղաքացիները, որոնք իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութեանց անդամակցած են։ «Կարտիըն»ը կը գրէ, որ 24ամեայ Հուտան Ալապամայէն հեռացած է 2014ին եւ Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա հասած է, սակայն այժմ կ՛ափսոսայ իր այդ քայլին համար եւ կ՛ուզէ Սուրիայէն վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ:
– «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, թէ 19 Փետրուարին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը մէկ օրուան մէջ վճիռներ արձակած է ի վնաս Թուրքիոյ։ Դատերը կ՛առնչուին ձախակողմեան յեղափոխական խումբի անդամ ըլլալու յանցանքով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուածի մը, քաղաքացիի մը անձնական կալուածին, ալաուիներու աղօթատեղիներուն եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամակցելու մեղադրանքով բանտարկուած քաղաքացիի մը։ 4 վճիռներուն համար, Թուրքիա պարտադրուած է առնուազն 375,000 եուրօ վնասուց հատուցում վճարել։