ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Տակաւին չէր խաղաղած «Ճումհուրիյէթ» թերթի լրագրողներուն դէմ արձակուած բանտարկութեան խիստ վճիռներուն տեղի տուած ալեկոծումը, երբ 20 Փետրուարին վրայ հասաւ Օսման Քաւալայի եւ իր գործընկերներուն դէմ գրի առնուած ամբաստանագիրին հրապարակումը:
Ինչպէս ծանօթ է, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ «Անատոլու Քիւթիւր» հասարարական կազմակերպութեան գործիչ Օսման Քաւալա շուրջ մէկուկէս տարի է, որ բանտարկուած է հակառակ անոր, որ անոր դէմ ամբաստանագիր մը չէր պատրաստուած:
Վերջապէս հրապարակուեցաւ այդ ամբաստանագիրը, որուն մէջ դատախազները Քաւալան եւ իր 15 գործընկերները կը մեղադրեն երկրին մէջ իշխանափոխութեան ձեռնարկելու եւ այլ բնոյթի յանցանքներով: Ամբաստանեալներուն մէջ կայ նաեւ յայտնի լրագրող Ճան Տիւնտար։ Բոլորին համար կը պահանջուի ցկեանս բանտարկութիւն:
Ամբաստանագիրը ի մասնաւորի կը ծանրանայ «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն վրայ՝ պնդելով, թէ մեղադրեալները 2013ի այդ դէպքերուն համար 2011էն սկսեալ պատրաստութիւններ տարած են: Ամբաստանեալներուն մէկ մասը արդէն հեռացած ՝ երկիրէն եւ հիմա դատարանը անոնց վերադարձը ապահովելու ջանքերու պիտի դիմէ։
Այժմ այս մեղադրանքով բանտարկութեան մէջ են միայն Քաւալա եւ Եղիտ Աքսաքօղլու: