ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, 17 Փետրուարին, Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ սարկաւագաց դասը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Աւօ Քէշիշեան եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլն ու ընտանիքի անդամները։
Առաջնորդը իր պատգամին բնաբանը ունէր օրուան աւետարանէն քաղուած համարը, որ հաւատացեալը կը յորդորէ «փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ… ես եմ կեանքի հացը»։ Սրբազանը նշեց, որ Յիսուս մեզ կը յորդորէ հետամուտ ըլլալու յաւիտենական կեանք ապահովող սնունդին, որ մեր հոգին պիտի զօրացնէ եւ յագեցնէ, «մեր միտքը պիտի լուսաւորէ Աստուծոյ խօսքերու ճառագայթով, այն հացը, որ երբեք չի վերջանար այլ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ մեզի համար, բոլորս արժանի դարձնելով երկնքի արքայութեան»։ Առաջնորդը շեշտեց, որ աշակերտները Քրիստոսի ուսուցումներուն հաւատարիմ մնացին, ի գին նահատակութեան։
Ս. Սարգիս եւ իր զինակիցներն ալ հոգեպէս զօրացան եւ գօտեպնդուեցան, արհամարհեցին երկրային պատիւներ եւ դիրքեր, որովհետեւ կը ցանկային երկնային արդարութեան պսակը։
«Այսօրուան աւետարանական հատուածը այս պատգամը ունի, եւ կը համապատասխանէ այս եկեղեցւոյ բարեխօս սուրբին, որ մեր հաւատացեալներուն բարեխօս սուրբն է, Քրիստոսի քաջ զինուորը, որ առաքեալներու հաւատքին զէնքով զինուած, յանձն առաւ նահատակութիւն եւ արժանի եղաւ արդարութեան պսակին», ընդգծեց սրբազանը՝ անդրադառնալով սուրբին կեանքին ու անկէ մեզի հասնող պատգամներուն։ Աւարտին, առաջնորդը յիշեցուց, որ Ս. Սարգիսը բարեպաշտներու փափաքները կատարողն է, սիրուած է մասնաւորաբար երիտասարդներուն կողմէ. ան օրհնեց երիտասարդները՝ աղօթելով, որ անոնց ուխտերը իրականանան, եւ մաղթեց, որ «բոլորս վերանորոգենք մեր ուխտը, զօրանանք եւ ամրապնդենք մեր հաւատքը, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը»։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւին՝ Սարգիս Ա. քհնյ. Անդրէասեանի, եկեղեցւոյ ծառայած բոլոր նուիրեալներուն, հոգաբարձուներուն, Տիկնանց միութեան եւ բարերարներու հոգիներուն համար։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Տօնական օրուան առիթով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էին սիրոյ ճաշ մը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազանին. ներկայ էին Ազգային վարչութեան, ժողովականութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ բարերար ընտանիքի անդամները։
Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Գօգօ Փանոսեան՝ շնորհաւորելով ներկաներէն բոլոր անոնք, որոնք Սարգիս եւ Մարտիրոս կը կոչուին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով մատաղի հովանաւորներուն եւ Տիկնանց միութեան՝ մատաղի պատրաստութեան համար։
Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին եկեղեցւոյ բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլի թոռներուն շնորհալի կատարումները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի եւ դպրաց դասի անդամներուն ելոյթները։
Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ հետեւողական կերպով նեցուկ կը կանգնի, կը հովանաւորէ եւ կը պատարագէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան, քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
Աւարտին, առաջնորդը անգամ մը եւս յորդոր ուղղեց հետեւելու Ս. Սարգիսի օրինակին, շեշտելով երկնաւոր հացով սնանելու եւ անանձնական սիրով ծառայելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան գնահատանք արձանագրեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, բոլոր հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, յատկապէս Կիտցինեան ընտանիքին նուիրաբերումին համար։
Սրբազանը նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի, որ քանի մը ամիս առաջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացած էր «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։
Ծանօթ է, որ Արա Խաչատուրեան մագլցած էր Էվերեսթ լեռը, հետը ունենալով Աւետարանը եւ հոն զետեղած էր Հայկական Եռագոյնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով վազելով կտրած էր Մարսէյէն Երեւան տարածութիւնը։
Առաջնորդը օրհնեց Խաչատուրեանը, որ իր «հաւատքով ու կամքով յաղթահարել մարտահրաւէրները» նշանաբանով առաջնորդուած՝ նուաճած էր անհաս բարձունքներ եւ յարատեւութիւն մաղթելով՝ «Հայր Մեր» աղօթքի արձանագրութեամբ յուշանուէր մը յանձնեց անոր, որ իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով բարի մաղթանքներուն համար՝ Էվերեսթի գագաթին վրայ իր լուսանկարէն օրինակ մը նուիրեց սրբազան հօր։