ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Եալչըն Թօփճու ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով, պաշտօնական Անգարան չի հաւատար հայկական կողմի անկեղծութեան:
«Հայաստանին հաւատալը պիտի ըլլայ չափէն դուրս մեծ լաւատեսութիւն», ըսաւ Էրտողանի խորհրդականը՝ պնդելով, թէ հայերը «Ռուսական կայսրութեան օգնութեամբ կոտորած են Անատոլիոյ խաղաղ բնակչութիւնը»:
Աւելին՝ Թօփչու համոզուած է, որ հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարի «1915ի դէպքերու վերաբերեալ ունեցած պահանջներէն» եւ պատասխան պէտք է տայ Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակին կողմէ թուրք դիւանագէտներուն վրայ յարձակումներուն համար:
Թուրքիոյ ղեկավարին խորհրդականը ընդգծեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով իրենց դիրքը յստակ է՝ պնդելով. «Հայաստան պէտք է վերադարձնէ գրաւեալ ատրպէյճանական հողերը եւ ներողութիւն խնդրէ կատարած յանցագործութիւններուն համար, որմէ ետք Թուրքիա, խորհրդակցելով Ատրպէյճանի հետ, գնահատական պիտի տայ տուեալ քայլին»:
He is behaving like Trump believing in alternate facts. His comments are hilarious.