ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, մօտաւորապէս 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, «Արսենալ»ը 24 Փետրուարին հիւրընկալեց «Սաութհեմփթըն»ը եւ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան նշանակեց մրցումին երկրորդ կօլը եւ կատարեց առաջին կօլին փոխանցումը, որ նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Լաքազեթէի կողմէ:
Այսպիսով, Արսենալ բարձրացաւ 4րդ դիրք:
Մրցումէն ետք, 30ամեայ Մխիթարեան «Պի.Պի.Սի.»ին ըսաւ. «Դժբախտաբար միայն 2 կօլ նշանակեցինք: Կ՛ուզէինք աւելի շատ կօլ նշանակել եւ ուրախացնել մեր համակիրները: Թէեւ 3 կէտ ապահովեցինք, բայց շարունակական մրցավազքի մէջ ենք եւ պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ»:
Յատկանշական է, թէ Մխիթարեանի նշանակած կօլէն ետք, մարզադաշտի գովազդային վահանակներուն վրայ երեւցաւ Հայկական Եռագոյնը:
Նշենք, թէ Խաղային ոլորտի համաշխարհային առաջատարներէն մէկը՝ հայկական «BetConstruct» ընկերութիւնը վերջերս համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքած էր «Արսենալ» ակումբին հետ: Պայմանագիրը կը նախատեսէր ընկերութեան գովազդը ակումբի հանդիպումներուն ընթացքին: Ընկերութիւնը որոշած է իր գովազդին մէջ օգտագործել Հայաստանի դրօշակը: