ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 24 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի հանդիսասրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ հարիւրաւոր հայորդիներու, որոնք եկած էին մասնակցելու ՀՅԴ Օրուան եւ կուսակցութեան հիմնադրութեան 128րդ տարեդարձի հանդիսաւոր տօնակատարութեան:
Ձեռնարկին թղթակցութիւնը կը հրատարակենք յետագային: Այսօր կը ներկայացնենք օրուան գլխաւոր պատգամաբերին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքին սղագրութեան մէկ մասը (տես կողքի սիւնակը): Խօսքին մնացեալ բաժինը կու տանք մեր վաղուան թիւով: