ՀԻՒՍԹԸՆ, «Շիքակօ Թրիպիւն».- Շիքակոյի «Լէյք Ֆորեսթ» համալսարանի շրջանաւարտներէն Ղուկաս Միքայէլեան վերջերս ստանձնած է Հիւսթընի «Էսթրոզ» արհեստավարժ պէյսպոլի խումբի մարզիկներուն ֆիզիքական մարզումներուն եւ մկանամշակման պատասխանատուութիւնը։
Հայկական արմատներով մարզիչը 2017ի ամրան մարզումներ անցուցած է Հայաստանի ծանրաբարձութեանց ազգային խումբին հետ եւ պատանեկան տարիներէն նուիրուած է ծանրաբարձութեան եւ շրջան մը ուսուցչական ասպարէզ նետուելէ ետք, վերադարձած է ֆիզիքական մարզումներու աշխարհը։