«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի այս շաբաթ Երեւան պիտի ժամանէ: Այս մասին արձանագրուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
«Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ գալ (այս-Խմբ.) շաբաթ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի Երեւան կը ժամանէ», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Լին Մ. Թրէյսի Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ պիտի ծառայէ իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Դեսպան Թրէյսի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ծառայութեան աւագ կազմի դիւանագէտ է եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը ներկայացնէ: