ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, 25 Փետրուարին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանը:
Հանդիպման, որուն ներկայ եղան Արցախի գլխաւոր դատախազ Արթուր Մոսիեան, արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան եւ ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններուն համապատասխան կառոյցներուն միջեւ փոխգործակցութեան վերաբերող զանազան հարցեր: