ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտունիի եւ Եղեգնաձորի մէջ պիտի կառուցուին նոր եւ ժամանակակից բժշկական կեդրոններ, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Նախագիծերը շուտով պիտի հրապարակեմ», գրած է ան:
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Առողջապահական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակին մէջ, 20 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող «Հիւանդութիւններու կանխարգելում եւ վերահսկում» թիւ 5222-ԱՄ վարկային ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացող Վայոց ձորի մարզային եւ Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ նոր բժշկական կեդրոններու կառուցման համար նախագիծ-նախահաշիւ փաստաթուղթերու մշակման եւ հեղինակային հսկողութեան իրականացման պայմանագիրի ստորագրումը:
1 Օգոստոս 2018ին, վերոնշեալ երկու նոր բժշկական հաստատութիւններուն կառուցման համար՝ նախագիծ-նախահաշիւ փաստաթուղթերու մշակման եւ հեղինակային հսկողութեան իրականացման նպատակով յայտարարուած մրցոյթին յաղթած է «Հայնախագիծ»ը:
Մարտունիի նոր բժշկական կեդրոնը՝ բաղկացած բազմագործառոյթ հիւանդանոցէ եւ բուժարանի հատուածէ մը, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ Մարտունիի տարածաշրջանի շուրջ 89 հազար բնակչութեան մատուցել որակեալ, մատչելի եւ արդի բժշկական ծառայութիւններ, իսկ Վայոց ձորի մարզային նոր բժշկական կեդրոնը պիտի սպասարկէ Վայոց ձորի մարզի շուրջ 49.6 հազար բնակչութեան: