Հանգուցեալ Սարգիսը ծնած էր 15 Սեպտեմբեր 1938ին, Մուսա Լեռ։ Երկրորդ զաւակն էր Աբրահամ եւ Զարուհի Գասամանեաններուն, եղբայրն էր հինգ քոյրերուն՝ Իսկուհիի, Անժէլի, Հայկուհիի, Շողիկի եւ Վարդուհիի եւ եղբայրը՝ Ռէթէոսի։
Մանուկ հասակէն ընտանիքը փոխադրուած է Այնճար, Լիբանան, ուր հասակ նետած էր հայկական մթնոլորտի մէջ եւ ստացած՝ հայեցի դաստիարակութիւն։
Սարգիսը 18 տարեկանին, 1956ին, անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը եւ իր յախուռն նկարագիրին թելադրանքով՝ եղած է շատ գործունեայ։
1965ին, Անչայի օգնութեամբ փոխադրուած է Գանատա եւ հաստատուած Թորոնթօ, Օնթարիօ։ Ապա՝ անցած է Կալթ քաղաքը, Օնթարիօ։
1968ին ամուսնացած է Հէլէնի հետ եւ փոխադրուած Տիթրոյիթ քաղաքը, Միացեալ Նահանգներ, եւ միացած «Ազատամարտ» կոմիտէութեան շարքերուն։ Ան իր նկատելի ներդրումը ունեցած է շրջանի Հայ կեդրոնի շինութեան աշխատանքներուն, նիւթական ապահովելու գծով։ Իր նուիրուածութեան եւ աշխատանքին համար, կոմիտէութիւնը զայն գնահատեց յատուկ պատուոգիրով։
Սարգիսը եւ իր տիկինը բախտաւորուեցան երկու մաներչով եւ դուստրով մը՝ Աբրահամ, Ճէք եւ Քաթլին, որորնք տուին իրենց ութ սիրունիկ թոռնիկներ։
1981ին, առողջական պատճառներով փոխադրուեցան Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա։
Սարգիս արհեստով «հրազօդին» էր՝ (ուելտըր) վարպետ իր գործին մէջ։ Բայց առողջական պատճառներով ան դադրեցաւ աշխատանքէ իր վերջին տարիներուն։
Սարգիսին կեանքին վերջին տարիները եղան շատ տաժանելի։ Երկու տարի շարունակ մնաց մահաքունի մէջ եւ 21 Յունուարի վերջին ժամերուն կնքեց իր մահկանացուն, սուգի մատնելով իր հարազատները։
Սարգիսին գործունէութիւնը ազգային, կուսակցական կեանքին մէջ եղած է օրինակելի։ Այնճարէն մինչեւ Լոս Անճելըս, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութենէն մինչեւ «Ազատամարտ» եւ «Ահարոնեան» կոմիտէութիւններ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)։
Ան հիմնադիր անդամ էր եւ վարչական Մուսա Լեռ կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ երկար տարիներ սիրով մասնակցած՝ Մուսա Լերան օրուան հերոսայի պատրաստութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Սեպտեմբեր ամսուն։
Այս տխուր առթիւ, իր ընտանիքին կողմէ անոր մահը կը սգան կուսակցական ընկերները, մուսալեռցիները եւ համայն ազգականներն ու բարեկամները։
Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը։
Thank you so very much for publishing this article in his memory.