ՊԵՐԿԱՄՕ.- Հեռաւոր Իտալիայէն, Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին «Ասպարէզ»ին, 5000 տոլար նուիրելով թերթին՝ նշանաւորելով Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին՝ 2019ը Մամուլի տարի հռչակելու յայտարարութիւնը:
Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ ազգային յայտնի բարերարներ են: Անոնց նուիրատուութեանց շնորհիւ իրականացած են Արամ վեհափառին կողմէ նախաձեռնուած բազմաթիւ մեծ ծրագիրներ, որոնց շարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ եւ Հայաստանի Անկախութեան հարիւրամեակի յուշակոթողը Անթիլիասի մէջ:
Պէզիքեաններուն բարեգործութիւնը նաեւ կը հասնի Հայաստան, երկրաշարժի գօտիէն մինչեւ Երեւան: