ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը 26 Փետրուարի երեկոյեան, Փարիզի Սենթ Էօսթաշ եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար կազմակերպեցին «1992ին հայկական բանակին կողմէ Խոճալուի բնակչութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան 27րդ տարելից»ին առթիւ ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին սկիզբէն շուրջ տասը վայրկեան առաջ «Նոր Սերունդ»ի խումբ մը երիտասարդներ, մուտք գործելով եկեղեցի՝ փորձեցին արգելք հանդիսանալ յայտագիրի գործադրման, վանկարկեցին հակաատրպէյճանական լոզունգներ, ինչպէս նաեւ ներկաները հրաւիրեցին Ատրպէյճանի պետութեան յօրինած այս շինծու դէպքերու «տարելից»ի նշումէն զերծ մնալու:
Ստեղծուած շփոթ կացութեան եւ հրմշտուքներուն միջամտեց ոստիկանութիւնը, որ եկեղեցիէն դուրս հանեց հայ երիտասարդները:
Ի վերջոյ եւ թէեւ ուշացումով, գործադրուեցաւ նախատեսուած յայտագիրը եւ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան տակ՝ «սգակիրներ»ը կրցան իրենց «յարգանքի տուրքը մատուցել» «Խոճալուի ցեղասպանութեան զոհեր»ու յիշատակին: