ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ատրպէյճան այցելող Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մուսթաֆա Շենթոփ Չորեքշաբթի, 6 Մարտին հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերէն մէկն էր Արցախի համակարտութիւնը, որուն գծով թուրք պաշտօնատարը վստահեցուց, թէ Անգարա պիտի շարունակէ սատարել Ատրպէյճանին:
Թուրք պաշտօնատարը նաեւ յոյժ կարեւոր համարեց ուժանիւթի մարզի շարք մը նախագիծերը, որոնք կ՛իրականացուին երկու երկիրներու միջեւ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Շենթոփ կարեւոր համարեց Պաքուի իշխանութիւններուն տարած պայքարը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներուն դէմ:
Միւս կողմէ, Ալիեւ Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվու Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ՝ դարձեալ պնդելով, որ հայկական կողմին «հակասական պաշտօնական յայտարարութիւնները անընդունելի են եւ կը խոչընդոտեն (Արցախի հակամարտութեան) բանակցային գործընթացը»: