ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երգչուհի Սիպիլ 2 Մարտին մասնակցեցաւ Պրազիլի 2019ի քարնաւալի աւանդական տողանցքին։ Սիպիլ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ մեկնած էր Հարաւային Ամերիկա, Սան Փաուլոյի մէջ մասնակցելու համար միջոցառման փորձերուն։ «Քարնաւալ»ին ընթացքին Սիպիլ այն կառքին մէջ էր, զոր կը գլխաւորէր հայկական շքերթը։
Սամպայի աւանդական ու կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկը՝ Սան Փաուլոյի «Ոսկէ Վարդեր» խումբն է, որ որոշած էր այս տարուան շքերթը նուիրել Հայաստանին՝ «Կեցցէ՛ Հայաստան» կարգախօսին ներքեւ։ Այնտեղ ներկայացուեցաւ Հայաստանի մշակոյթն ու պատմութիւնը, իսկ տողանցքը սփռուեցաւ առաւել քան 200 կայաններէն։
Սիպիլ Պրազիլէն դուրս ապրող առաջին հայն է, որ պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ «քարնաւալ»ին։
«Ինծի համար յուզիչ է հոս գտնուիլ։ Հազարաւոր մարդիկ հայկական տարազներ կը կրէին եւ «Կեցցէ՛ Հայաստան» կը վանկարկէին։ Կը կարծեմ, թէ լաւ առիթ էր, որ անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհի մէջ լսուէր Հայաստանի անունը», նշեց Սիպիլ։