ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Սթոն Կարտըն» հրատարակչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ուսումնասիրող եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի հեղինակած նոր հատորը՝ «Հայկական Բարձրաւանդակ. Արեւմտեան Հայաստան Եւ 1918ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը» («The Armenian Highland: Western Armenia and The First Armenian Republic of 1918») պիտի հրապարակուի Ապրիլ 15ին։
Հեղինակը կը տեղեկացնէ, թէ լուսանկարչական-պատմական այս հատորը կեդրոնացած է գլխաւորաբար ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս մնացող տարածքներուն վրայ, որոնք ներկայիս ծանօթ են իբրեւ Պատմական Հայաստան կամ Արեւմտեան Հայաստան անուններով, իսկ անցեալին կը կրէին Հայկական Բարձրաւանդակ անուանումը։
Պատմական տեղեկութիւններով եւ յայտնի քարտէսագէտ Մարտիրոս Խերանեանի մանրամասն քարտէսներով հարուստ հատորին լուսանկարները կու տան 1997-2018ի միջեւ Քարանեանի՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած ճամբորդութիւններէն։
Ասպարէզով իրաւաբան Մեթիու Քարանեան շրջան մը Հայաստան ապրած է եւ դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Լաթակազմ սոյն հատորը, որ տրամադրելի պիտի ըլլայ տեղական գրադարաններէն եւ «Ամազոն» համացանցային վաճառատունէն, կարելի է կանխաւ ապսպրել նաեւ հրատարակիչէն՝ այցելելով
www.HistoricArmeniaBook.com կայքը։