ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նկարիչ եւ արձանագործ Անահիտ Պօղոսեան իր շարք մը ստեղծագործութիւններով պիտի մասնակցի «TAG Gallery» ցուցադրասրահին մէջ եւ «Ֆեմինա Սփինա» («Իգական Ողնայար») խորագրուած արուեստի խմբային ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 19 Մարտի եւ 13 Ապրիլի միջեւ։
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ արուեստագէտներ Լօրա Ֆիշըր եւ Ռեպեքա Մերի։
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Մարտին, երեկոյեան ժամը 5-8։ Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 5458 Wilshire Blvd., Los Angeles, CA 90036։
Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (310) 829-9556 թիւին։