ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու միօրեայ համագումար մը, թեմի բոլոր եկեղեցականներուն մասնակցութեամբ:
Մինչեւ կէսօր, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան օրակարգի վրայ դրաւ վարչական, կազմակերպչական եւ հովուական ծրագիրներու մշակման վերաբերող զանազան նիւթեր եւ աշխատանքներ: Օրակարգի վրայ էր նաեւ նոր սերունդի եւ նոր ուժերու պատրաստութեան հարցը՝ եկեղեցական ու համայնքային ծառայութեան նպատակով:
Կէսօրէ ետք, ժողովը անցաւ իր երկրորդ փուլին, որ ծրագրուած էր իբրեվ խորհրդաժողով՝ արծարծելով «Խոստովանանքին խորհուրդը եւ անհատական խոստովանանքը» նիւթը։
Այս ընդհանուր նիւթին վերաբերեալ, իբրեւ բացում եւ մեկնակէտ ելոյթ ունեցաւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան «Մեղքերու անհատական խոստովանութիւնը իբր քրիստոնէական կատարելութեան ընթացք» նիւթով, ապա, հերթաբար, տեղի ունեցան երեք բովանդակալից ելոյթներ եւ ներկայացումներ.
– Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեան ներկայացուց «Ապաշխարութեան եւ խոստովանանքին քրիստոնէական նպատակը՝ վերադարձ դէպի Աստուած եւ մարդուս փրկութիւնը» նիւթը.
– Աւետիս քհնյ. Աբովեան ելոյթ ունեցաւ՝ «Խոստովանահայրը, անոր կրօնական պատրաստութիւնը, պարտականութիւնը եւ հոգեւոր հայրութիւնը» նիւթով.
– Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի նիւթն էր՝ «Խոստովանանքին խորհուրդը եւ անհատական խոստովանանքը, համաձայն Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական ընկալումին»:
Ներկայացուած երեք զեկոյցներուն հոգեւոր¬կրօնական բովանդակութիւնը ներկայ հոգեւորականներուն առիթ տուաւ գաղափարներ եւ կարծիքներ փոխանակելու եւ գործնական առաջարկներ կատարելու՝ ի նպաստ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալներու «հոգեկան բուժումին»: Առաջարկուեցաւ այս նիւթերու արծարծումը շարունակել 2019ի Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք հոգեւորականաց համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Պատգամաւորական ժողովի նախօրեակին:
26 Փետրուարի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր հոգեւորականներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Պահը լուրջ էր եւ խոր: Վերջերս, առաջնորդը նոր առաքելութիւն մը հաստատած էր՝ «Քրիստոնէական Հաւատք եւ Հայրենիք» խորհրդաւոր անունով։ Անոր մասնակցող 18 տարիքը բոլորած հայ երիտասարդ¬երիտասարդուհիներ, Ղեւոնդեանց տօնի պատարագին ընթացքին պաշտօնապէս կը կատարեն իրենց հաւատարմութեան ուխտը՝ քրիստոնէական հաւատքով ապրելու, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ ըլլալու եւ քրիստոնեայ ընտանիք կազմելու խոստումով:
Այս առիթով, հաւաքուած էին 45 երիտասարդ¬երիտասարդուհիներ, որոնք Ս. հաղորդութիւն ստանալէ առաջ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ բեմին առջեւ: Մինչ այդ, սրբազան հայրը, երեք վարդապետներով եւ երեք քահանաներով, շարականի երգեցողութեամբ բեմ բարձրացած՝ սկսան յատուկ արարողութեան մը: Աւետարանի ընթերցում, շնորհակալութեան աղօթք եւ խոստումի բանաձեւ իրարու յաջորդեցին՝ միասնական արտասանութեամբ, հայերէնով եւ անգլերէնով:
Առաջնորդը տուաւ օրուան խորհուրդին վերաբերող ազդու պատգամ մը, որ քաջալերանքի խօսքերով կը թելադրէր եւ երիտասարդ¬երիտասարդուհիները կը յորդորէր հաւատարիմ ըլլալ՝ քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին, Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց նահատակներուն օրինակով:
Երիտասարդ¬երիտասարդուհիներուն բաժնուեցան վկայագիրներ եւ յիշատակի խաչեր՝ իբրեվ մնայուն վկայութիւն իրենց կատարած հաւատարմութեան ուխտին:
Նոր սերունդը առած էր հաւատքի իր հաստատ քայլը: Խօսուն լռութեան մէջ՝ հայ երիտասարդութիւնը լեցուեր էր քրիստոնէական խորհուրդներով: Գնահատանքի եւ ծափահարութեան արժանի:
Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կրօնական¬ազգային խորհուրդներով լեցուն այս գեղեցիկ աւանդոյթը ամէն տարի պիտի շարունակուի՝ Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով:
(Թղթակցութիւնը՝
առաջնորդարանէն)