ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Երեքշաբթի, 5 Մարտին, Հաակի մէջ հանդիպեցաւ Հոլանտայի խորհրդարանի՝ խորհրդարանական զանազան քաղաքական ուժերու արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու խումբ մը պատգամաւորներու հետ: Հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ մարմինի նախագահ Մաթօ Հախվերտեանի աջակցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին Ղուլեան ընդգծեց, որ անցեալ տարիներուն, Արցախի Ազգային ժողովը գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատած է եւրոպական շարք մը երկիրներու եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններու հետ, իսկ Հոլանտայի օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներու հետ նման կազմով առաջին անգամն է, որ կը հանդիպի: Ղուլեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ շփումները շարունակական կ՛ըլլան, Հոլանտայի խորհրդրանականներուն կարելիութիւնը տալով առաւել համակողմանի ծանօթանալու Արցախի իրավիճակին:
Ղուլեան հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց Արցախի պատմութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման համար պայքարի քաղաքական եւ իրաւական հիմքերուն ու Արցախի պետականաշինութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ:
Ղուլեան, պատասխանելով հարցումներու՝ անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն ու Արցախի տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւններուն:
Հանդիպման մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան:
Յաջորդ օրը, 6 Մարտին, Ղուլեան հանդիպեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Սիլվի Կիոմի (Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվար-ժողովրդավարական խումբ) հետ:
Ողջունելով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը՝ Սիլվի Կիոմ անհրաժեշտ համարեց Արցախի մասին տեղեկութիւններու թարմացումը եւ ընդգծեց յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովրդավարութեան յետագայ զարգացման եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման, ընտրական գործընթացներու կազմակերպման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման վերաբերող նիւթերու:
Երկուստեք հաստատուեցաւ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: