ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) վարչական համալիրին մէջ, ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Եւրոատլանտեան անվտանգութեան տնօրէն Նիք Կըրի համանախագահութեամբ տեղի ունեցան ամէնամեայ երկկողմ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւնները:
Քննարկումները հիմնականօրէն կեդրոնացան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-բրիտանական երկկողմ համագործակցութեան վրայ:
Լեւոն Այվազեան ներկայացուց պաշտպանական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ զինուած ուժերու զարգացման առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը:
Բրիտանական կողմը վերահաստատեց հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Մեծն Բրիտանիոյ դիրքորոշումը, որ հիմնուած է Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ բանակցային գործընթացին վրայ:
Հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան երկկողմ համագործակցութեան ոլորտին մէջ 2018ին կատարուած աշխատանքները: Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտի 2019ի երկկողմ համագործակցութեան ծրագիրի համաձայնագիրը: