ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Եւ ի՞նչ ընէր «աստիճան» բառը, երբ բազմաթիւ երկվանկ գոյականներ, նոյնիսկ միավանկեր փոքրակազմ, անոր սանդղամատերուն վրայ ոստոստելով՝ կը տիրանային աստիճաններու, կը դառնային բազմանդամ՝ ունենալով բարդ եւ ածանց բառերու հարստութիւն, ապա կը վայելէին պատկերալից դարձուածքներու եւ ասոյթներու նախանձելի պերճութիւն մը: Իսկ ի՛նք՝ «աստիճան» բառը, որ եռավանկ էր եւ բազմաձայն ու արտաքինով աւելի ներկայանալի էր միւսներէն՝ կը մնար ստորոտը: Հետեւեալը, յարգելի ընթերցող, «աստիճան» բառին մանրավէպն է՝ Երեւանի «Կասկադ» համալիրի 572 աստիճաններուն վրայ մտայղացուած:
– Պարո՛ն, աստիճանները ելած ատեն ետեւ դառնալ ու նայիլ չկա՞յ:
– Չկայ: Երբ հասնինք գագաթը, կը դառնաք ու ձեր աչքերուն առջեւ յանկարծ կը յայտնուի հիասքանչ համայնապատկեր մը՝ հորիզոնին վրայ Արարատով պսակուած: Բոլորդ պատրա՞ստ էք: 3… 2… 1…, օ՛ն:
Ոմանք սկսան սուրալու, ոմանք առանց վազելու՝ համաչափ քայլերով սկսան ելլելու, իրենց շունչը վերջին աստիճաններուն պահելու համար: Իսկ կան աշակերտներ, որոնք մրցիլ կամ աճապարել չեն սիրեր: Լեւոնը եւ Տերեւը, քիչ մը անջատ միւսներէն, կաթնագոյն կրաքարէ աստիճանները զրուցելով կը բարձրանան, Շողիկը եւ Անին որոշած են ամէն տասը-քսան աստիճանին փոփոխուող տեսարանը ըմբոշխնել, իսկ Փաթիլը ամէն քայլափոխին սկսած է լուսանկարելու զարդաքանդակները, ցայտաղբիւրները եւ ժամանակակից արձանները: Ան որոշած է դասարանին համար գեղատեսիլ պաստառ մը շինել: Ամէնամեայ այս ծիսակատարութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ աշխարհահայեացքներու երկու բեւեռներ. առաջնութիւն մը շահելու համար սուրալ նպատակին կամ շրջահայեաց՝ դանդաղիլ, ընդ որում վայելել շրջապատի գեղեցկութիւնները (կան նաեւ այդ երկուքին աստիճանաւորումները): «Կասկադ»էն վեր երբ աստիճան առ աստիճան կը յայտնուի մայրաքաղաքը, կը յայտնուի նաեւ «աստիճան» բառին պատմութիւնը…:
Ծագումը անյայտ է: Ստուգաբաններ երկու կարծիքի են – պարսկակա՞ն է, թէ ոչ: Անիկա կը կարծուի սեռած ըլլալ հնդեւրոպական մէկ արմատէն, որ նշանակեր է «քալել, ելլել, սանդուխ բարձրանալ»: Նախապէս ունեցեր է նաեւ «աշտիճան» ձեւը: Սեբաստիոյ մէջ «ասդիճան» եղած է, Ջուղայի եւ Թիֆլիսի մէջ՝ «ասլիջան», իսկ Արցախի մէջ՝ «ասլըջան»: Սուրբ Գիրքի առաջին թարգմանութեան մէջ հազիւ նշմարելի է անոր գործածութիւնը: Ամէնէն ներկայանալին այն գահն է, զոր Սողոմոն թագաւորը շինած է. «Եւ վեց աստիճանք էին աթոռոյն կապեալք ոսկուով»: Տխուր է բարդ եւ ածանց բառերու սակաւութիւնը: Եթէ Սիամանթօն բարեխիղճ չըլլար ու անոր չշնորհէր «անաստիճան» ընտիր ածականը, պիտի ունենար միայն հինգ-վեց անդամ. բարձրաստիճան, երկաստիճան, եռաստիճան, աստիճանազրկել, աստիճանաւորում: Այս համեստ բանաստեղծին քիչ ետք պիտի վերադառնանք, բայց հիմա տեսնենք, թէ աշակերտները ո՛ւր հասեր են: Սպասելիօրէն Նարեկը, Վէմը, Սարինը եւ Շանթը ախոյեանութեան կը հաւակնին: Երազկոտները մնացեր են վարերը:
Մարդը անդրադարձաւ, թէ «աստիճան» բառը կրնար նշանակել նաեւ հասարակական դիրք, պատիւ, համեմատական մեծութիւն, անկիւնի եւ աղեղի չափ, ժամացոյցի բաժանմունք, տան յարկ, ջերմութեան չափ, իսկ երաժշտութեան մէջ՝ ձայնի բարձրացման կամ իջման չափը: Ուստի, մեր առօրեայ զրոյցները համեմուած կ՛ըլլան հետաքրքրական խօսքերով, ինչպէս՝ աւագութեան, դիւանագիտական կամ գիտական աստիճան, մարտական առաջին աստիճանի շքանշան, իջնող եւ ելլող աստիճաններ, միտքը 180 աստիճան փոխել, ցելսիուսի 100 աստիճան, 451 աստիճան ֆարենհայթ:
Առաւելաբար, բարձրաստիճան հիւրերը կ՛իջնեն գորգածածկ աստիճաններէն եւ հայկական եկեղեցւոյ վարդապետութեան աստիճանները 14 հատ են: Ունինք նաեւ «աստիճան» բառի հինցած մէկ այլ նշանակութիւն՝ ազգականական մերձաւորութիւն: Հայոց մայրենին աստիճանաբար հարստացաւ նաեւ դարձուածքներով. աստիճան տալ, աստիճանը բարձրացնել, աստիճանը իջեցնել: Ե. դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցի կը յայտնուի եւ մեզի կու տայ «աստիճան» բառին առաջին սահմանումը. «Նշանակ եւ վիճակ որպիսի եւ է բարձրութեան եւ ցածութեան, կամ մերձաւորութեան եւ հեռաւորութեան»:
Արագընթաց քառեակը կը հասնի գագաթ: Առաջին աստիճանին կը տիրանայ Վէմը, երկրորդին՝ Նարեկը եւ երրորդին՝ Սարինը:
Օրեր եղան, երբ «աստիճան» բառն ալ հասաւ գրական եւ քաղաքական հայերէնի բարձունքները: Նախ դարձաւ կառավարութիւն քննադատող եւ բարեփոխութիւններ ջատագովող քաղաքագէտի իմաստուն խօսքեր. «Աստիճանները վերեւից պէտք է սկսել մաքրել», «Ցածր է, թէ՛ վստահութեան աստիճանը պետական մարմինների նկատմամբ, թէ՛ մասնակցութեան աստիճանը»: Ապա լսեցինք նոյն աստիճան արդար երաժշտական արժեւորում մը. «Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը դժուար է յաղթահարել…», հայկական բեմի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն պարուսոյց Վիլեն Գալստեանն էր խօսողը, «…նրա երաժշտութեանը պէտք է հասնես աստիճան առ աստիճան»:
Մինչ Աշուղ Ճիւանին հայրենիքը տեղադրեց ամենաբարձր աստիճանի վրայ. «Ոչ մի տեղ հայրենիքից բարձր աստիճան չի լինի»: Աշուղը տուաւ նաեւ խրատ մը. «Բախտը աստիճան չի բերեր»: Օր մը, «աստիճան» բառը մարդացաւ- Մեսրոպ Մաշտոցն էր ան, Ատոմ Եարճանեանի գրիչով լեզուի եկած: «Սուրբին Աղօթքը» քերթուածին մէջ Մաշտոցը, Աստուծոյ առջեւ ինքզինք արժանի չտեսնելով որեւէ աստիճանի՝ հառաչեց այսպէս. «…Ես անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր»: Իսկ ծաղրածուէ մը եկաւ հասարակական աստիճաններու մեկնութիւնը: Լէոնիդ Ենգիբարեանն էր ան, խորհրդային աշխարհի հռչակաւոր մնջախաղ, կրկէսի դերասան, իմաստութեան ամենաբարձր աստիճաններուն հասած անձնաւորութիւն. «Սխալւում են նրանք, ովքեր մտածում են, թէ մարդու կեանքում գլխաւորը ճանապարհն է: Ոչ, գլխաւորը՝ աստիճաններն են: Մի՛ նեղացրէք աստիճաններին»:
Վերջին աշակերտներն ալ հասան գագաթ: Այժմ ամէն մէկը, լուռ, իմացութեան իր աստիճանով կը դիտէ մայրաքաղաքը- մէկը լուսանկարի իր գործիքով, մէկը անթարթ, իսկ ուրիշ մէկը՝ աչքերը փակ: Վէմը կը մօտենայ.
– Պարոն, այս աստիճաններուն վրայ ինքզինքս աւելի հասունցած կը զգամ:
– Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել «աստիճան» բառին: Անիկա է, որ մեզի կը պարգեւէ տեսարանի եւ միտքի բարձրութիւններ: Իսկ աւելի գիտակ պիտի դառնաք այն օրը, երբ կանգնինք Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին առջեւ ու դուք լսէք անոր 54 աստիճաններու խորհուրդը: