ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը 14 Մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Օրէնքներու յանձնախումբը վերահաստատեց Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը։
2019-2020 տարեշրջանին, Փորթանթինօ պիտի մնայ այս յանձնախումբին ատենապետը։
Յիշեցնենք, որ յանձնախումբը 2017ին կազմուած էր ծերակուտական Փորթանթինոյի առաջարկով, նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգային առեւտրական, մշակութային եւ կրթական կապերու սերտացման:
Այս ծիրին մէջ, Փորթանթինօ անցեալ Սեպտեմբերին խումբ մը երեսփոխաններու եւ գործարարներու հետ Հայաստան այցելած էր, երկրորդ անգամն ըլլալով, իսկ անցեալ ամիս ան ներկայացուց բանաձեւ մը, Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը վերաբանալու նպատակով։ Ան նաեւ Արցախ այցելեց։
Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի միւս անդամներն են՝ Թոնի Էթքինզ, Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա Էլենա Տուրազօ, Մելիսա Հուրթատօ, Սուզըն Ռուպիօ, Հենրի Սթըրն, Սքաթ Ուինըր եւ Սքաթ Ուիլք: