ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 18 Մարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը:
Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, «Արցախ Ռութս Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան, Միջին Արեւելքի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան, Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեան, «ԱՌԻ»ի խորհուրդի անդամներ Վաչէ Մելքոնեանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:
Նախարարը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց այցելութեան նպատակը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց յետագային կատարուելիք ծրագիրները: Իր կարգին, կաթողիկոսը անդրադարձաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած ներդրումին Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման գործընթացին մէջ: Այս առիթով, հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման եւ Սփիւռքին ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն գծով: Հայրապետը յատկապէս յիշեցուց, որ Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է եւ այս ծիրին մէջ Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային օրինականութիւն ապահովելը անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգով շարունակել: