ՍԻԼՎԱ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Բարձրաշնորհ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի, հոգեւոր հայրեր, յարգելի ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Մարալ Մաթոսեան, յարգելի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, յարգելի հիւրեր եւ շատ սիրելի ՀՕՄի անդամներ:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, շնորհիւ իր ազգանուէր նպատակներուն գոյատեւեց 109 տարիներ:
Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը միշտ յենարան ունեցաւ իր ժողովուրդը եւ անոր նուիրեալ անդամներն ու համակիրները:
Փառք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ իր մեծագոյն գործիչներէն՝ Էտկար Ակնունիի միջոցաւ 1910ին հիմը դրաւ կանացի այս կազմակերպութեան:
Վստահ ենք, որ Ակնունի, քաջ գիտնալով հայ կնոջ կարողութիւնները, հայութեան ծառայելու սրբազան պարտականութիւնը՝ ՀՕՄի միջոցաւ վստահեցաւ անոր:
35 տարիներ առաջ հայութեամբ տրոփող ու հայկականութեամբ շնչող Արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուեցան ազնուասիրտ մայրեր եւ քոյրեր, որոնք ունեցան տեսիլքը, հաւատքն ու կամքը լոյսին բերելու շրջանը, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնան իրենց շրջապատին:
ՀՕՄը իր մեծագոյն պարտականութիւնը նկատեց մայրենի լեզուին, հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններու պահպանումը: Այսօր, այս տեսլականի հաւատքին շնորհիւ է, որ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը ունի 25 մասնաճիւղեր, 16 վարժարաններ եւ 3 մանկամսուրներ:
Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄը իր Հոգեբանական կեդրոնով, Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներով ու Շրջանային յանձնախումբերով կը փորձէ լաւագոյնը տալ իր ժողովուրդին:
Պատուական ներկաներ,
Այսօր, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի անխոնջ աշխատանքին, նուիրումին եւ զոհաբերութեան յաղթանակի օրն է: 35 տարիները պարզ թիւեր չեն, այլ անոնք փունջ մըն են կամաւոր աշխատանքի, նուիրումի, ծառայութեան, ազգապահպանման եւ մարդկային առաքելութեան:
ՀՕՄի Արեւմտեան շրջա-նս հպարտութեան զգացումը ապրելու իրաւունքը ունի, որովհետեւ կրցած է յարգել հիմնադիր սերունդի խոստումը՝ վառ պահելով անոնց յիշատակը:
Յատուկ ուշադրութեամբ կ՛ողջունենք ՀՕՄի Ա-րեւմտեան շրջանի առաջին Շրջանային վարչութեան անդամները.
Մեզմէ առ յաւետ բաժնուած ատենապետը՝ Ալիս Մատէնլեանը, հանգուցեալներ Աննիկ Սահակեանը եւ Աննա Գէորգեանը, Ընկերուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեանը, Մաքօ Մկրտիչեանը,
Ալիս Կիւրեղեանը եւ Աննիկ Զինտարզեանը, որոնք արժանի են ամենայն յարգանքի:
Մենք շատ բան կը պարտինք ձեզի:
Շնորհակալութիւն եւ պատիւ ձեզի:
Այժմ կը հրաւիրենք, որ ոտքի կանգնին 35 տարիներու ընթացքին յաջորդական նախկին եւ ներկայի Շրջանային վարչութեանց բոլոր անդամները: Սիրելի՛ ընկերուհիներ, դուք էք, որ շունչ տուած էք ՀՕՄի առաքելութեան:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք թեւ եւ թիկունք եղած են ու կը շարունակեն մնալ ՀՕՄի աշխատանքներուն՝ հաւատալով անդամուհիներուն անգնահատելի գործունէութեան:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք այսօրուան կալա ձեռնարկի հովանաւոր Ընտանիքի Փրկութեան հիմնադրամի նախագահ Նազ Աթիքեանին, որ շարունակելով ՀՕՄին նեցուկ կանգնելու իր աւանդութիւնը՝ առատաձեռնօրէն որոշած է ստանձնել ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորի պաշտօնը: Յարգանքի եւ գնահատանքի այս խօսքերէն ետք, ջերմագին կը շնորհաւորենք տքնաջան անդամուհիները եւ կը մաղթենք կամք, կորով, քաջառողջութիւն եւ ծառայական կեանքի յարատեւութիւն:
Կը վստահեցնենք, թէ շնորհիւ մեր ժրաջան անդամներուն, առատաձեռն նուիրատուներուն եւ համակիրներուն՝ յաջողութեամբ պիտի շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը, «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից կարգախօսով:
Շնորհաւոր եւ 35 ամեակդ դալար ՀՕՄի Արեւմտեան շրջան:
Սիրելիներ,
Այսօրուան հանդիսութիւնը բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ, պահն է որ խօսուի արժանի գովեստով, իր արդիւնաւէտ աշխատանքին եւ իր գործին համար:
ՀՕՄի 35ամեակին նուիրուած այս կալային ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնս կը պարգեւատրէ իր երկար տարիներու անդամ եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանը:
Ան 1990էն ի վեր նուիրումով կը գործէ եւ կ՛իրականացնէ ՀՕՄի մարդասիրական առաքելութիւնը: Անոր աշխատանքային անհասանելի ոյժն ու կազմակերպչական փորձառութիւնը, մեծաթիւ ծրագիրներ յաջողութեան եւ արդիւնաւորման առաջնորդած է, Հայաստանին եւ Արցախին օգնութենէն սկսեալ մինչեւ որբն ու քոլեճի ուսանողը, կարօտեալ անհատներն ու ընտանիքները, տնազուրկը, տեղական ծրագիրներն ու աւելին: