ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած Հայրենական նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, համագործակցելով «Վարդանանց Ասպետներ եւ Դուստրեր»ու Օրենճ Քաունթիի դահլիճին եւ Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին հետ, իրականացուցին Գիւրմրիի «Նանուլիկ» մանկապարտէզի վերանորոգութիւնը։
Նշեալ մանկապարտէզը կառուցուած էր Գիւմրիի 1988ի երկրաշարժէն ետք, իբրեւ ժամանակաւոր կառոյց, սակայն հակառակ անոր, որ ջեռուցման, ջուրի եւ կոյուղիի համակարգեր չունէր եւ հասած էր արդէն վտանգաւոր ըլլալու հանգրուանին, անիկա մինչեւ վերջերս կը շարունակուէր գործածուիլ։
Մօտաւորապէս մէկ տարի տեւած վերանորոգութեան շնորհիւ, կառոյցին փայտեայ ժամանակաւոր հատուածներուն փոխարէն շինուած են նոր կառոյցներ եւ այժմ երկյարկանի եւ երկրաշարժային ցնցումներու աւելի լաւ դիմադրականութեամբ մանկապարտէզը օժտուած է նոր դասարաններով, խաղավայրերով, հանգստեան վայրերով եւ այցելու բժիշկներու եւ հիւանդապահներու համար յատուկ սենեակով, խոհանոցով, քնանալու վայրով ու ճաշասրահով։ Մանկապարտէզէն դուրս եւս խաղի յարմար վայրեր շինուած են։
Մանկապարտէզը, որ ներկայիս ունի 2-6 տարեկան 50 աշակերտներ, այժմ կարելիութիւնը ունի ընդունելու աւելի մեծ թիւով աշակերտներ։
«Շատ ուրախ ենք, որ առիթը ունեցանք «Նանուլիկ» մանկապարտէզի վերանորոգութեան ջանքին մասնակից դառնալու։ «Վարդանանց Ասպետներ»ուն եւ Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին հետ համագործակցելով, մեր յանձնախումբը Շիրակի մարզին հետ յարաբերութիւնները աւելիով ամրապնդեց», կը յայտնէ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի անդամ Կարինէ Իզմիրլեան։
«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը եւ անոր մէկ մասնիկը հանդիսացող Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կենսական դերակատարութիւն ունին շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն նեցուկ կանգնելու եւ նորարարութիւններ ներկայացնելու աշխատանքին մէջ: Կեդրոնին մէջ, շրջանի պատանիներն ու երիտասարդները կրնան մասնակցիլ օտար լեզուի, համակարգչային, երաժշտական եւ պարային դասընթացքներու: Նաեւ, «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ «Մինա Շիրվանեան» կրթանպաստի ծրագիրը, որ կ՛աջակցի յատկապէս Գիւմրիէն ուսանողներու բարձրագոյն ուսման զարկ տալու ջանքերուն: