ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Կիրակի, 17 Մարտին, Մեծ Պահոց երրորդ՝ Անառակի Կիրակի օրը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինումով, նոյն օրը, բոլոր թեմերուն մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան Պոլսոյ Հայոց հոգելոյս պատրիարքի հոգւոյն եւ ընթերցուեցաւ վեհափառին ցաւակցական գիրը։ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, պատարագ մատուցեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ յիշատակուած կորսուած ոչխարին, կորսուած դրամին եւ անառակ որդիին առակներուն վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելով։ Այս առակներուն պատգամները մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ այժմէական նկատելով՝ ան նշեց, որ անոնք կը շեշտեն մեղաւորին անկեալ վիճակէն վերականգնումի առթած երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ անսահման սէրն ու ողորմածութիւնը ճշմարիտ դարձի եկողին նկատմամբ։ Ապա առաջնորդ սրբազանը հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն, որ Մեծ Պահոց շրջանին, իրենց վերանորոգման ճիգին մէջ յարատեւեն, որպէսզի Աստուծոյ աւելի մօտենան։
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նորոգ վախճանեալ երջանկայիշատակ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքի յիշատակին։ Սրբազանը ընթերցեց վեհափառին ցաւակցագիրը, որուն մէջ, ան կ՛անդրադառնայ պատրիարքին հետ իր ծանօթութեան ու անկէ քաղած տպաւորութիւններուն եւ վեր կ՛առնէ անոր հոգեւորականի ու մտաւորականի արժանիքները։ Հայրապետը այս տխուր առիթով ցաւակցութիւն կը յայտնէ վախճանեալ պատրիարքին ընտանիքի անդամներուն, պատրիարքութեան հոգեւոր դասուն, միաբանութեան եւ ժողովականութեան։
Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի վերանորոգուած դասարանին եւ պաշտօնէութեան գրասենեակին օրհնութիւնն ու բացման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի, վարժարանի ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչները, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։
Սրբազանը եւ տէր հայրը կատարեցին դասարանին եւ գրասենեակներուն օրհնութիւնը ու պաշտօնական բացումը։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ուսումնական մարմինի ատենապետուհի Նորա Մարաշլեան Սարտարեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեան։ Վերջինս իբրեւ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ յուշատախտակներ նուիրեց հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր այն կամաւորներուն, որոնք անձնդիր ծառայեցին այս ծրագիրին իրականացման համար. յուշատախտակներ նուիրուեցան նաեւ Պասմաճեան, Մեղրունի եւ Շահվէրտեան բարերար ընտանիքներուն։
Տնօրէնուհի Շիրինեան նաեւ դրուատեց վարժարանի գրադարանապետուհիին՝ Անահիտ (Աննա) Տէր Բարսեղեանի տարիներու սպասարկութիւնը եւ նիւթական միջոցներով վարժարանին ցուցաբերած իր աջակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ որոշուած է գրադարանը անոր անունով կոչել։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սըմենթա Մեկրինին եւ Ճերի Փօլատեանին՝ մատուցած կամաւոր սպասարկութիւններուն համար։
Իր փակման խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց տնօրէնութեան ու վարժարանի մեծ ընտանիքի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ու համայնքին զօրակցութիւնն ու ներդրումը վարժարանի բարգաւաճման համար։
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները այցելեցին նորոգուած դասարանը եւ գրասենեակը։
Իր 33րդ կրթական տարեշրջանը բոլորող վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.agminassianschool.org կայքը։