«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Իբրեւ հայկական մամուլի ընտանիքին մէկ անդամը՝ «Ասպարէզ» իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ 2019ը Մամուլի տարի յայտարարելու նախաձեռնութեան համար:
Մամուլին ընդհանրապէս եւ հայկական մամուլին մասնաւորապէս, առաւել եւս տպագիր հայ մամուլին դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին կը գրուի, կը խօսուի ու՝ …այդքան: Գործնական շատ քիչ քայլեր կ՛առնուին: Գրութիւններն ու խօսքերը աւելի շատ պարտուողական են, լալկան ու յոռետես, մանաւանդ երբ թերթի մը փակման առթիւ կ՛ըլլան: Դիմացողներուն, վերապրողներուն (այս բառը ինքնին զարգացման եւ վերելքի հնարաւորութիւններու դուռը փակող է) մասին, անոնց յարատեւութեան, անոնց արդիականացման ուղղութեամբ յանձնառութիւններ չեն կատարուիր ու անխռով կը սպասենք մինչեւ յաջորդ խմբագրութեան լուծարումը, թերթի մը փակումը:
Եկէք փոխենք այս վիճակը: Արամ վեհափառին յուշումով՝ հիմնական լուծումներու ձգ-տինք: «Ասպարէզ»ի պարագային, օրինակ, մեր բարեկամներուն եւ հովանաւորներուն միջոցաւ թերթի տարեկան այժմու բացը փակելով չբաւարարուինք: Գիտէք, թէ որքան խնայողութեամբ, որքան մեր գօտիները սեղմած կ՛աշխատինք: Այս ընթացքով տեղքայլը արդէն հրաշք պէտք է նկատել: Իսկ մենք ամէնօրեայ լարուածութեամբ կը փորձենք դուրս գալ լճացումէն, ընդարձակել մեր հասողութիւնը, կեանքով լեցնել թերթին բովանդակութիւնը, համայնքը արտացոլելու աշխատանքը աւելի ճշգրիտ, աւելի ամբողջական դարձնել, մտաւորական խօսքով ու մտածումով հրապուրել:
Այո, դժուար է մեծ ծրագիրներու մասին մտածելն իսկ, երբ մեր խմբագրատան կահոյքը հնամաշ դարձած է, երբ համակարգիչները կը տնքան իրենց հնարաւորութիւններուն անհամապատասխան գործածութեան տակ:
Եկէք այս տարի կաթողիկոսական ներշնչումով մեր համայնքին մէջ հրաշքը իրականացնենք այնպիսի շռնդալից կերպով, որ միւս համայնքներն ալ վարակուին, իւրաքանչիւրը իր թերթին աւելի գործնական, աւելի շօշափելի տիրութիւն ընելու քայլեր առնէ:
Եկէք այս բացառիկ առիթը օգտագործենք՝ բացառիկ պայմաններ ստեղծելով հայ մամուլին: