ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Երկուշաբթի, 25 Մարտին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։
Այցելութեան յայտարարուող նպատակն է՝ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան անդամներու նախարարներու մակարդակով խորհրդաժողովին մասնակցիլ:
Այցելութեան լուրը հաղորդող Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը կը նշէ, թէ Հասանով հանդիպումներ պիտի ունենայ խաղաղապահ առաքելութեանց հարցերով ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան-Փիեռ Լաքուրայի, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովին մասնակցող այլ պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Կը նշուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին, խաղաղապահ առաքելութիւններու կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան, Արցախի հակամարտութեան եւ այլ հարցեր:
Ուշագրաւ է, որ ՄԱԿի նշեալ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 29 Մարտին, իսկ Հասանով Միացեալ Նահանգներ պիտի հասնի անկէ մօտաւորապէս 4 օր կանուխ։