Աւստրալահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիքլեան Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով՝ դարձաւ առաջին կին գործիչը, որ կ՛ընտրուի նահանգի վարչապետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիտնի Մորնինկ Հերըլտ» օրաթերթը:
Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը՝ Ազատական կուսակցութիւնը, ընտրութիւններուն յաղթեց իր հիմնական մրցակիցին՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան:
Ան իր յաղթանակին մասին տեղեկանալէ ետք փորձեց զսպել իր արցունքները եւ յայտարարեց, թէ Նիւ Սաութ Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար մականուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ»:
«Ես անսահմանօրէն հպարտ եմ այն վայրով, ուր մենք կ՛ապրինք: Ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, թէ անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ ծագում ունիս, ո՛ւր կ՛ապրիս եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ, այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը ունի կարելիութիւն ըլլալու լաւագոյնը», ըսաւ Պերեճիքլեան յաղթանակէն ետք իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ:
Թէեւ ընդդիմութեան ղեկավար, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքըլ Տելի նշեց, որ ընտրութիւններուն յայտարարուած արդիւնքները տակաւին վերջնական չեն, սակայն ինք հեռաձայնած է Պերեճիքլեանին եւ շնորհաւորած զայն:
Աւստրալիոյ վարչապետ Սքաթ Մորիսըն իր կարգին շնորհաւորեց աւստրալահայ գործիչը եւ անոր խումբը՝ ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած «իւրայատուկ, կարգապահ եւ խիզախ յաղթանակին առիթով»:
Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեան 2017էն ի վեր կը վարէր Նիւ Սաութ Ուէյլզի վարչապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Մայք Պայրտ հրաժարած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայնութեամբ նոր ղեկավարի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը:
ՀՅԴ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Կլատիս Պերեճիքլեանը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
«Ասիկա պատմական օր է Աւստրալիոյ հայ համայնքին եւ ամբողջ Հայկական Սփիւռքին համար, որովհետեւ տիկին Պերեճիքլեան կը շարունակէ ըլլալ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գործող ամէնէն հզօր կիներէն մէկը», նշեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: Ան ընդգծեց, որ Պերեճիքլեան պիտի ղեկավարէ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու մեծագոյն նահանգը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորեց ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած այն գործիչները, որոնք հայ համայնքի բարեկամ կը նկատուին: