Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու ծրարին դէմ բողոքող գրաւատուներու (վարկ տրամադրող հաստատութիւններ) եւ տարադրամի փոխանակման կէտերու աշխատակիցները 22 Մարտի երեկոյեան, կառավարութեան կողմէ քննարկման հրաւիրուեցան:
Հայաստանի ֆինանսավարկային կազմակերպութիւններու խորհրդատու կեդրոնի նախագահ Հրանդ Նալբանդեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին յայտնեց, որ եթէ իրենց չառաջարկուին գոհացնող լուծումներ, դարձեալ ցոյցեր տեղի պիտի ունենան:
Բողոքող միւս խումբին՝ կազաւորուած ըմպելիներ արտադրողները նոյնպէս կառավարութենէն խոստացած են հրաւիրել քննարկման:
Հարկային օրէնսգիրքի նոր փոփոխութիւններու ծրարով կառավարութիւնը կը նախատեսէ շաքարին, համի եւ հոտի յաւելումներ պարունակող կազաւորուած ըմպելիներուն ակցիզային հարկ (անուղղակի յաւելեալ հարկ) սահմանել, իսկ գրաւատուներու եւ տարադրամի փոխանակման կէտերու տարեկան տուրքը աւելցնել 60 անգամով: «Եթէ տնտեսութիւնում անհրաժեշտ է կատարել նմանատիպ փոփոխութիւններ, բնականաբար, բոլորս կողմ ենք: Ուղղակի դէմ ենք ոչ-համահունչ մօտեցմանը, որը տանելու է մրցակցութեան պակասի, մոնոպոլիայի (մենաշնորհի-Խմբ.)) աճի եւ այլն», ըսաւ Հրանդ Նալբանդեան:
Սպասուող հարկային փոփոխութիւններու հաստատման պարագային, կազաւորուած ըմպելիներ արտադրողները կը կանխատեսեն գիներու յաւելումներ եւ հարիւրաւոր գործազուրկներ: Իսկ գրաւատուներու եւ տարադրամի փոխանակման կէտերու աշխատակիցները փակման վտանգի մասին կը խօսին:
Ելեւմտական նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան բնական կը համարէ կառավարութեան հեղինակած փաստաթուղթի քննադատութիւնը: Նախարարը կը բացատրէ, թէ իրենք ուղղակի հարկերը կը համարեն տնտեսութեան աճի բանալին եւ կը պատրաստուին նուազեցնելու: Բայց այդ պարագային ալ, ըստ Ջանջուղազեանի, հարկային աւելի քիչ եկամուտներ հաւաքելու վտանգ կը յառաջանայ:
Սպառման հարկերու բեռը վերանայելու մտադրութեան մասին նախարարը ըսաւ. «Հնարաւոր չի ունենալ որեւէ կարգաւորում, որը բոլորին հաւարապէս ազդի կամ հաւասարապէս գոհ լինեն բոլորը»:
Կառավարութիւնը երկու շաբաթ առաջ հաստատեց հարկային փոփոխութիւններու ծրարը, բայց ցայսօր զայն չէ ղրկած Ազգային ժողով: «Գուցէ յաջորդ շաբաթ», ըսաւ ելեւմտական նախարարը՝ աւելցնելով:
Ջանջուղազեան չի բացառեր նաեւ նշեալ ծրարի վերանայումը՝ դժգոհութիւններու պատճառով. «Քանի որ քննարկումները դեռ աւարտուած չեն, հնարաւոր ա որեւէ ուղղութեամբ՝ ե՛ւ նուազելու, ե՛ւ փոխուելու… Քննարկման փուլում գտնուող հարցի հետ կապուած սա կը լինի ոչ թէ կանխատեսում, այլ՝ գուշակութիւն, որը չեմ անի», յայտնեց ելեւմտական նախարարը։