ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Միջազգային մշակոյթի օրուան տարեկան ձեռնարկները լաւ առիթ են Մերտինեան վարժարանին աշակերտները ծանօթացելու աշխարհի տարբեր մշակոյթներու, նոյն ժամանակ տօնելու բազմազանութեան բարիքները։
Այս տարուան Միջազգային մշակոյթի օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 8 Մարտին եւ անգամ մը եւս, ուսուցիչները զանազան ծրագիրներու միջոցաւ իրականացուցին վերոնշեալ նպատակը։
Մանկապարտէզէն 8րդ դասարն՝ իւրաքանչիւրը գրած էր երկիրի մը անունը՝ միւսներուն ծանօթացնելով անոր ուտեստեղէնը, պարերը, տարազները, երգերը եւ լեզուները։