ՄՈՍԿՈՒԱ, ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Վենեզուելա միաժամանակ 24 թիրախ հարուածելու կարողութիւն ունեցող ռուսական «Էս.300 Վի.Էմ.» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր զետեղած է մայրաքաղաք Քարաքասի մօտերը: Ըստ «Միլիթըրի Ուաչ» թերթին՝ այդ համակարգերը երկրին տրամադրութեան տակ գտնուող ամէնէն ազդեցիկ միջոցներն են ամերիկեան հաւանական յարձակում մը զսպելու։
«Թրամփ պէտք է յարգէ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու խոստումը՝ նախքան Վենեզուելայէն հեռանալու գծով Ռուսիոյ որեւէ պահանջ ներկայացնելը», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի կինը հիւրընկալելու ընթացքին յայտնած էր. «Ռուսիա Վենեզուելայէն դուրս բերելու համար բոլոր ընտրանքները բաց են»:
Զախարովա աւելցուց, որ Ռուսիա Վենեզուելայի մէջ ոչ ոքի կը սպառնայ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ ռուս մասնագէտներու Քարաքաս գտնուիլը, «ի տարբերութիւն Ուաշինկթընի, չի ոտնահարեր միջազգային օրէնքը եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը չի փոխեր»:
Նաեւ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «ռուս զինուորականները Վենեզուելա կը գտնուին հսկելու համար զէնքերու նոր գործարքներուն»՝ աւելցնելով. «Վենեզուելայի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները պէտք չէ մտահոգեն Միացեալ Նահանգները: Մենք Վենեզուելայի ներքին հարցերուն չենք միջամտեր եւ կ՛ակնկալենք, որ միւս պետութիւններն ալ նոյն գործելաոճը որդեգրեն։ Միացեալ Նահանգները աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ կը գտնուի եւ ոչ ոք անոր որեւէ բան կը թելադրէ։ Մենք ալ նոյնպիսի վերաբերում կ՛ակնկալենք»: