«Անիկա Այն Գործընթացն Է, Որ Կը Բացատրէ, Թէ Մեր Կարծիքով՝ Ինչպէս Պէտք Է Կազմակերպուի Մեր Պահանջատիրութիւնը Թուրքիայէն»
Վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր երիտասարդական ամառնային արշաւներ կը կազմակերպէ հայկական պատմական բնակավայրերու մէջ հնագիտական եւ ճարտարապետական շինութիւններ վերականգնելու նպատակով: Անիկա ծաւալած է նաեւ պատմագիտական եւ վաւերագրական նիւթեր հաւաքելու աշխատանք, ինչպէս նաեւ հատուցումի քաղաքական տեղեկատուական պահանջատիրական գործունէութիւն: Նիւթական իր կարիքները բաւարարելու համար անիկա ստեղծած է «Երկիր եւ Մշակոյթ» հիմնադրամը, որ կը բանի «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամի հովանիին տակ: Պաշտօնական արձանագրութիւնը կատարուեցաւ Ռոնի նահանգապետութեան կողմէ, 20 Դեկտեմբեր 2018ին:
Երկու հիմնադրամներու գործակցութիւնը լուսաբանելու համար «Նոր Յառաջ»ը տեսակցեցաւ «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան նախագահ Արամ Ղազարեանի հետ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ե՞րբ ծնունդ առաւ «Երկիր եւ Մշակոյթ» հիմնադրամի ծրագիրը՝ «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամի հովանաւորութեան ներքոյ արձանագրելու հարցը:
ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Հիմնադրամի գաղափարը յղացանք 3-4 տարի տարի առաջ, որպէսզի բարելաւենք մեր կազմակերպութիւնը գանձատրելու կարելիութիւնը՝ ապահովելու համար անոր յարատեւումը: «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամը սկսաւ մեզի հետ համագործակցելու նախքան մեր Հիմնադրամին պաշտօնապէս արձանագրուիլը, նկատի ունենալով որ «Պիւլլիւքեան»ը կարելիութիւնը ունի գանձատրման դուռ բանալու այն կազմակերպութիւններուն, որոնց նպատակները կը համապատասխանեն իր հեռանկարներուն: Ցարդ մեր Հիմնադրամը կը գործէր համաձայնագիրի մը շրջանակին մէջ, որ թոյլ տուաւ 11 հիմնադիրներու խումբին ստեղծել հիմնադրամ մը, երեք տարուան շրջանի մը համար, անոր՝ նուազագոյն 45.000 եուրօ ապահովելու յանձնառութեամբ: Այդ շրջանը կ՛աւարտի այս տարի:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Որո՞նք են նման գործելակերպի առաւելութիւնները:
ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Հիմնադրամի մը ստեղծումը կարեւոր ներդրումներ կը պահանջէ: «Հովանաւորեալ» հիմնադրամ ստեղծելը աւելի դիւրին է եւ նուիրատուութիւններու առումով կը վայելէ «հովանաւորող» հիմնադրամին հետ նոյն իրաւունքներն ու արտօնութիւնները:
«Պիւլլիւքեան»ի հովանաւորութեամբ «Երկիր եւ Մշակոյթ» հիմնադրամը կրնայ ստանալ նուիրատուութիւններ, որոնց 66 տոկոսը հարկերէ զեղջելի է, բայց նաեւ թոյլ կու տայ օգտուիլ անշարժ գոյքի հարստութեան հարկի (IFI-ն, որ փոխարինեց նախկին ISF-ը) դրութենէն, ապահովելով՝ հարստութեան հարկի 75 տոկոս վարկ: Մեր հիմնադրամը իրաւասու է բոլոր կտակներու եւ նոտարական նուիրատուութեանց համար: Օրինակ՝ գոյութիւն ունի գրաւիչ բանաձեւ մը, որ տակաւին չենք կրցած շահագործման յանձնել, ինչ կը վերաբերի ժամանակաւոր նուիրատուութեանց արդիւնառութեան: Այս մէկը թոյլ կու տայ սեփականատիրոջ վարձակալել իր գոյքը եւ անկէ ստացուած եկամուտը տրամադրել՝ նուիրատուութիւններ ստանալու լիազօրուած կազմակերպութեան մը – այս պարագային «Երկիր եւ Մշակոյթ»ին – ամբողջութեամբ պահպանելով իր գոյքի սեփականութիւնը: Միւս կողմէ, երբ «Երկիր եւ Մշակոյթ» հիմնադրամին նուիրատուութիւն կ՛ըլլայ, «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամը վարչական ծախսերու համար դրամ չի գանձեր, մինչ կանոնադրութեամբ՝ մինչեւ հինգ տոկոս նախատեսուած է: Այդպէս, «Պիւլլիւքեան»ը բան չէ գանձած նախորդ գործարքներէն, որոնք արդէն իսկ կը հասնին 100,000 եուրոյի:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Վերջերս Փարիզի մէջ կայացաւ «ԵՄ» կազմակերպութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը: Որո՞նք էին օրակարգի հիմնական կէտերը:
ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Ընդհանուր ժողովի հիմնական նպատակն էր կազմակերպութեան տարբեր մասնաճիւղերու գործունէութեան արդիւնքներու հաշուեկշիռը ներկայացնել: Այս առիթով մենք քննարկեցինք ապագայի ծրագիրները եւ ճշդեցինք համապատասխան պիւտճէն: Այդ ծրագիրները արդէն քուէարկուած ու վաւերացուած են «Երկիր եւ Մշակոյթ»ի միջազգային միութեան կողմէ, որ կազմուած է Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Պելճիքայի եւ Հայաստանի (ներկայացուցչութեան մը միջոցով) մէջ գործող մասնաճիւղերէ: Տարեկան պիւտճէն, որ մինչեւ 2014 թուականը շուրջ 100,000 եուրօ էր, վերջին տարիներուն կարեւոր յաւելում արձանագրելով՝ հասած է 300,000 եուրոյի:
Հիմնադրամին ծրագիրը երկու մասի կը բաժնուի. մշակութային ժառանգութեան վերականգնումը (տեղւոյն վրայ) եւ փաստաթուղթերու եւ քաղաքական ուղղութիւններու մշակման ծրագիրը: Այս վերջիններու նպատակն է պահպանել եւ թուայնացնել «Երկիր եւ Մշակոյթ»ի վաւերագրական հաւաքածոները, որոնք 40 տարիէ ի վեր կը հարստանան նոր ձեռքբերումներով: Վերջերս ձեռք ձգեցինք Նախիջեւանի պատկերագրութեան մասնագէտ Արգամ Այվազեանի փաստաթուղթերը: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ուղղութեան, անիկա՝ Collectif 2015ինն է՝ հատուցում, որ 2004ին ծնունդ առած է նոյնինքն «Երկիր եւ Մշակոյթ»էն: Անիկա այն գործընթացն է, որ կը բացատրէ, թէ մեր կարծիքով՝ ինչպէս պէտք է կազմակերպուի մեր պահանջատիրութիւնը Թուրքիայէն: Եւ վերջապէս, «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը նաեւ նախաձեռնած է հրատարակչական աշխատանքի: Այսպէս, արդէն հրատարակուած են Յարութիւն Խաչատուրեանի, Փաթրիք եւ Լիւսի Ասլանեանի եւ Ժան Միշէլի «Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հոգեւոր Կեդրոններ. Ոչնչացման Եզրին Գտնուող Ժառանգութիւն» եւ Փասքալ Մակեսեանի «Կիրակոսի Ճամբուն Վրայ» հատորները: Վերջինս, հեղինակին Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան վկայութիւնն է, 2015ին: Կը նախատեսենք հրատարակել նաեւ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեանի «Հալէպ, 1915» վերնագրուած շարքը, որ կազմուած է Հալէպի նկարներէ՝ նախքան Սուրիոյ պատերազմը: Այս աշխատանքը ներկայացուած է Փարիզ՝ 2015ին եւ Լիոն՝ 2017ին, «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամի կեդրոնին մէջ: